Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բանակի Ներգրաւուածութիւնը Մարտի 1-ի Դէպքերուն Առաւել Քան Հիմնաւոր է. ՅՔԾ Պետ

Բանակի Ներգրաւուածութիւնը Մարտի 1-ի Դէպքերուն Առաւել Քան Հիմնաւոր է. ՅՔԾ Պետ

by MassisPost

Բանակի ներգրաւուածութիւնը 2008 թուականի Մարտի 1-2-ի դէպքերուն առաւել քան հիմնաւոր է, կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանը։

«Ազատութեան» հարցին, թէ որո՞ւ հրահանգով, ցուցումով եղած է այն, Խաչատրեանը պատասխանած է. – «Իհարկէ կան կասկածներ, բայց ես դրանց մասին չեմ բարձրաձայնի, քննութիւն է կատարուում այդ ուղղութեամբ, արդիւնքների դէպքում անպայման կը տեղեկացնեմ»։

31 Հոկտեմբերին Յատուկ քննչական ծառայութիւնը հաղորդեց, որ «Մարտի 1»-ի գործով քննչական խումբի նախկին ղեկավար Վահագն Յարութիւնեանը որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած է «առանձնապէս ծանր յանցագործութեան վերաբերեալ քրէական գործով ապացոյցներ կեղծելու» համար, անոր նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած է:

ՅՔԾ-ն նաեւ հաղորդած է, որ դէպքի վայրի տարբեր տեղամասերէն զննութեամբ յայտնաբերուած տարբեր տեսակի եւ տրամաչափի հրազէններէն կրակուած, իրեղէն ապացոյց հանդիսացող շուրջ 1000 պարկուճները փոխարինուած են Ոստիկանութեան զօրքերու սպառազինութեան մէջ մտնող նոյն տեսակի այլ հրազէններէ կրակուած պարկուճներով:

Հարցին, թէ այդ 1000 պարկուճները կրակուած եղած են բանակի՞ զէնքերէն, ՅՔԾ պետը պատասխանած է. – «Ես հիմա չեմ կարող ասել, որ այդ բոլոր 1000-ն էլ բանակի զէնքերից են եղել, բայց ապացոյցները խօսում են այն մասին, որ առնուազն 1000 պարկուճ փոխուել է. իրեղէն ապացոյց հանդիսացող 1000 պարկուճներ փոխարինուել են Ներքին զօրքերի սպառազինութեան մէջ գտնուող հրազէններից կրակուած պարկուճներով։ Ներքին զօրքերի այդ զէնքերը կան», – ըսած է Խաչատրեանը՝ նշելով, որ այդ մասին նաեւ զինուորականներէն ցուցմունքներ ունին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment