Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մարտի 1–ի Գործով Մեղադրանք Առաջադրուած է Նախկին Քննչական Խումբի Ղեկավար Վահագն Յարութիւնեանին

Մարտի 1–ի Գործով Մեղադրանք Առաջադրուած է Նախկին Քննչական Խումբի Ղեկավար Վահագն Յարութիւնեանին

by MassisPost

Մարտի 1–ի գործով մեղադրանք առաջադրուած է այս գործով նախկին քննչական խումբի ղեկավարին ու դատահրաձգաբան-փորձագէտին։

Յատուկ Քննչական Ծառայութեան (ՅՔԾ) մամուլի բաժնէն յայտնած են, որ 2008 թուականի Մարտի 1-էն 2-ն ինկած ժամանակահատուածին Երեւան քաղաքի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու վերաբերեալ քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին պարզուած է, որ Վ. Հ.-ն, 2007-2011 թուականներուն զբաղեցնելով ՀՀ Յատուկ քննչական ծառայութեան յատկապէս կարեւոր գործերու աւագ քննիչի պաշտօնը, իր վարոյթին մէջ առանձնապէս ծանր յանցագործութիւններու վերաբերեալ քննուող քրէական գործով նախաքննութեան ընթացքին կազմակերպած է՝ քննչական խումբի կազմին մէջ ընդգրկուած առանձին քննիչներու հետ եւ ոստիկանութեան ծառայողներու, այդ շարքին` փորձագէտ Ա. Հ.-ի օժանդակութեամբ, միասնական դիտաւորութեամբ ապացոյցներ կեղծելը:

Ըստ մեղադրանքներու` Վ. Հ.-ն 2008 թուականի Մարտի 1-էն 2-ն ինկած ժամանակահատուածին Երեւան քաղաքի մէջ տեղի ունեցած դէպքերու առթիւ յարուցուած քրէական գործը վարոյթ ընդունելէ ետք նշանակուած է քննչական խումբի ղեկավար: Վերջինս նշուած քրէական գործով նախաքննութեան ընթացքին ի պաշտօնէ յայտնաբերած է, որ 2008 թուականի մարտի 1-ին եւ 2-ին Երեւան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու՝ ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներու ժամանակ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան (ՊՆ) զինուած ուժերու տարբեր ստորաբաժանումներ, որոնք յիշեալ դէպքերու ընթացքին գործադրած են հրազէն: Մինչդեռ ան, յիշեալ իրադարձութիւններու ժամանակ ՀՀ զինուած ուժերու հակասահմանադրական օգտագործման, այդ շարքին՝ զինուած ուժերու ծառայողներու կողմէ հրազէնի ապօրինի գործադրման իրական հանգամանքները թաքցնելու, վերջիններուս կողմէ կատարած գործողութիւնները հերքելու եւ տեղի ունեցածը իրաւաչափութեան քողի ներքոյ ներկայացնելու խմբային շահերէն ելլելով, այդ, ինչպէս նաեւ իրադարձութիւններու ժամանակ խումբ մը անձանց սպանութիւններու հանգամանքները բացայայտելուն ուղղուած որեւէ գործողութիւն չէ կատարած, չարաշահած է իր պաշտօնէական լիազօրութիւնները, քննչական խումբի որոշ քննիչներու հետ եւ ոստիկանութեան այլ ծառայողներու, այդ շարքին` փորձագէտ Ա. Հ.-ի օժանդակութեամբ, կազմակերպած է քրէական գործով յանցագործութեան հետքեր պարունակող, յանցագործութիւնը յայտնաբերելու, գործի փաստական հանգամանքները պարզելու, մեղաւորները ի յայտ բերելու միջոց ծառայող, դէպքի վայրի զննութիւններով յայտնաբերուած եւ վերցուած ապացոյցներու կեղծելը:

Վ. Հ.-ի եւ Ա. Հ.-ի նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում: ՀՀ Յատուկ քննչական ծառայութեան քննիչի կողմէն միջնորդութիւններ ներկայացուած է դատարան` անոնց նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու համար:

Նախկին քննչական խումբի ղեկավարը եղած է Վահագն Յարութիւնեանը։ Ան այս տարուան յուլիսին ազատուած էր Քննչական կոմիտէի նախագահի տեղակալի, յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութեան պետի պաշտօնէն:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment