Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Համաներման Մասին Նախագիծը Միաձայն Ընդունուեցաւ Առաջին Ընթերցմամբ

Համաներման Մասին Նախագիծը Միաձայն Ընդունուեցաւ Առաջին Ընթերցմամբ

by MassisPost

Համաներման մասին օրինագիծը Ազգային ժողովէն ներս առաջին ընթերցմամբ ընդունուած է միաձայն։ Ինչպէս կանխատեսուած էր՝ կողմ քուէարկած են դահլիճի մէջ ներկայ բոլոր 72 պատգամաւորները:

Երկրորդ ընթերցումը տեղի պիտի ունենայ 1 նոյեմբերին։ Առնուազն 6 հազար 500 անձ այս համաներման ընդունման պարագային պիտի ազատուին պատիժէն, կամ անոնց նկատմամբ պիտի դադրի քրէական հետապնդումը։ Այս թիւերը նախնական են։

Ըստ արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Արտակ Զեյնալեանի, հաշուի առնելով պատգամաւորներու առաջարկութիւնները՝ ըստ էութեան աւելի ընդլայնել քրէական յօդուածներու շարքը, այդ թիւը կրնայ անցնիլ նաեւ 7 հազարը։

Զեյնալեանի հաւաստմամբ՝ այս համաներման նախագիծը ամենեւին նպատակ չի հետապնդեր բեռնաթափել կալանավայրերը։ Անոր խօսքով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ առկայ կալանավայրերուն մէջ սահմանուած թիւէն կիսով չափ քիչ կալանաւորներ կան։ Ընդհանուր թիւը 2 հազար 800 է, ազատ պիտի արձակուին 650 կալանաւորներ։ Անոնց մէջ կը մտնեն յատկապէս այն կալանաւորները, որոնք դատապարտուած են մինչեւ 3 տարուան ազատազրկման կամ անզգուշութեամբ յանցագործութիւն կատարելու պարագային մինչեւ 6 տարուան ազատազրկման, անոնք, որոնք դատապարտուած եղած են մինչեւ 5 տարուան կամ 10 տարուան ազատազրկման եւ արդէն կրած են իրենց պատիժի 1/3-ը։

Քրէական հետապնդումը պիտի դադրեցուի շուրջ 4 հազար անձի նկատմամբ։ Ըստ Զեյնալեանի՝ այս պահուն իրաւապահ համակարգի մէջ յարուցուած են 6 հազար 100 քրէական գործեր, եւ մօտ 70 տոկոսի վրայ համաներում պիտի տարածուի։

«Ներկայացրեցի վիճակագրական տուեալներ նախկին համաներումների վերաբերեալ, թէ որքան դատապարտեալ կամ անձ է կրկնայանցագործութիւն կատարել անհատական կամ համաներման աքթից յետոյ, եւ դրա ցուցանիշները շատ մեծ են։ Անշուշտ, պարոն Կոստանեանը դատախազ եղել է եւ ունի գիտելիքներ եւ փորձ եւ ներկայացրեց, որ յանցաւորութիւնը աճում է։ Այո, մենք այս ամէնը նկատի ունեցել ենք, նկատի ունեցել ենք եւ այս չափով ենք կարողանում իրականացնել համաներում՝ հաշուի առնելով մեր ռեսուրսները, ոստիկանութեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ռեսուրսները», – ըսած է Զեյնալեանը։

«Էրեբունի-Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի եւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 100-ամեակի կապակցութեամբ քրէական գործերով համաներում յայտարարելու մասին» օրէնքի նախագիծը ներկայացուցած է կառավարութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment