Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դաւիթ Տօնոյեան . Միացեալ Նահանգներէն Զէնք Ձեռք Բերելու Մասին Առաջարկութիւն Չենք Ստացած

Դաւիթ Տօնոյեան . Միացեալ Նահանգներէն Զէնք Ձեռք Բերելու Մասին Առաջարկութիւն Չենք Ստացած

by MassisPost

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանը լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ անդրադարձած է օրերս Հայաստան այցելած՝ ԱՄՆ նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի՝ Հայաստանին զէնք վաճառելու մասին ակնարկին։

«Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ ամերիկեան զէնքի վաճառքի առաջարկութիւն ստանալու եւ ռուսական զէնքը ամերիկեան զէնքով փոխարինելու մասին լրագրողի դիտարկման անդրադառնալով՝ նախարարի պաշտօնակատարը նշած է.

«Զէնքի շուկան բաց շուկայ է, որտեղից ով կարողանում է, ինչ կարողանում է՝ ձեռք է բերում: Մենք այս պահին Միացեալ Նահանգներից ոչ մի առաջարկութիւն չենք ստացել»։

Այն հարցին, թէ առաջարկ ստանալու պարագային ինչպէս պիտի արձագանգէ հայկական կողմը, նախարարի պաշտօնակատարը պատասխանած է, որ գոյութիւն ունի գին, որակ, մատակարարման ժամանակ։

25 Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ գտնուող ԱՄՆ նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընը լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ նշած էր, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները դեռ վերջնական որոշում չունի «Ազատութեան աջակցութեան աքթի» 907-րդ ուղղումը չեղարկելու վերաբերեալ, որմով կ’արգիլուի ԱՄՆ կառավարութեան կողմէն օգնութիւն տրամադրել Ատրպէյճանին:

«Ես չեմ կրնար կանխատեսել, թէ ինչ կըլլայ որոշումը»,- ըսած էր Պոլթըն՝ ընդգծելով, որ Հայաստանը իր զէնքի մեծ մասը ձեռք կը բերէ Ռուսաստանէն, Ատրպէյճանը նոյնպէս իր զէնքի 80 տոկոսը ձեռք կը բերէ Ռուսաստանէն, ինչպէս նաեւ, որ ամերիկեան զէնքը ռուսականէն լաւ է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment