Ձայների 0 կողմ, 1 դէմ, 11 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ Նիկոլ Փաշինեանը չէ ընտրուած վարչապետ։
«Շնորհաւորում եմ չընդունուած որոշման կապակցութեամբ», – յայտարարած է Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանը։
Դէմ քուէարկած միակ պատգամաւորը գործարար Սամուէլ Ալեքսանեանն է։
Քուէարկութենէն առաջ չմասնակցելու մասին յայտարարեցին ԲՀԿ, ՀՀԿ եւ ՀՅԴ խմբակցութիւնները: «Ելք»-ը յայտարարեց, որ պիտի քուէարկէ ձեռնպահ:
Վարչապետի ընտրութեան հարցը դրուած էր Հոկտեմբերի 24-ի ԱԺ հերթական նիստի օրակարգին վրայ: Վարչապետ ընտրելու համար անհրաժեշտ էր 53 կողմ ձայն:
Քանի որ առաջին փուլով վարչապետ չընտրուեցաւ, խորհրդարանին մէջ ՀՀ վարչապետի եւս մէկ ընտրութիւն տեղի պիտի ունենայ առաջին փուլի քուէարկութենէն 7 օր ետք, որուն մասնակցելու իրաւունք պիտի ունենան պատգամաւորներու ընդհանուր թուի առնուազն մէկ երրորդի առաջադրած վարչապետի թեկնածուները: Եթէ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներուն մեծամասնութեամբ վարչապետ չընտրուի, ապա Ազգային ժողովը պիտի արձակուի իրաւունքի ուժով:
Նիկոլ Փաշինեան վարչապետի պաշտօնէն հրաժարական տուած էր Հոկտեմբեր 16-ին: Հրաժարականի նպատակը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու հասնելն է: Եթէ վարչապետի հրաժարականէն ետք երկու շաբաթուան ընթացքին խորհրդարանը վարչապետ չընտրէ, Ազգային ժողովը կ՛արձակուի եւ կը նշանակուին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ:
Փաշինեանը չի բացառեց, որ մէկ շաբաթ ետք դարձեալ առաջադրուի վարչապետի թեկնածու։ Ան այս առումով եւ պատասխանելով «Ազատութիւն» ռատիոկայանի լրագրողի հարցերուն ըսած է ՝ «Ես առաջադրուել եմ ոչ թէ վարչապետ ընտրուելու, այլ չընտրուելու համար, հետեւաբար՝ Ազգային ժողովը չպէտք է քուէարկի իմ օգտին։ Ասում էին, որ եթէ վարչապետի թեկնածու չի առաջադրուել այդ հարցով քուէարկութիւն չի եղել, ուրեմն դա չի կարող հիմք դառնալ Ազգային ժողովը լուծարելուն։ Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածն ասում է՝ «վարչապետ չընտրուելու դէպքում քուէարկութիւնից 7 օր յետոյ անցկացւում են վարչապետի նոր ընտրութիւններ…»