Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Երեւանը կը Սգայ Շարլ Ազնաւուրի Մահը

Երեւանը կը Սգայ Շարլ Ազնաւուրի Մահը

by MassisPost

Տասնամեակներու ընթացքին միլիոնաւոր մարդոց սրտերը նուաճած աշխարհահռչակ ֆրանսահայ շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուրի մահը ցնցեց ողջ աշխարհը։

Հայաստանի տարբեր անկիւններուն մէջ, յատկապէս՝ Երեւանի մէջ ամէնուր հնչած են Շարլ Ազնաւուրի երգերը, մարդիկ  ե՛ւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան առջեւ, ե՛ւ Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակին վրայ ծաղիկներ խոնարհած են եւ մոմեր վառած։

Ի յիշատակ ֆրանսական երաժշտութեան աստղին, Քասքատի մէջ գտնուող Շարլ Ազնաւուրի կեցավայրին մէջ բացուած է սգոյ մատեան։ Այստեղ յարգանքի իր տուրքը մատուցած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը, որ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է․ – «Մեզի համար հսկայական կորուստ էր: Շարլ Ազնաւուրը կը մարմնաւորէ մեր երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու ողջ խորութիւնը, ողջ հարստութիւնը եւ մարդասիրական ողջ հնչեղութիւնը»:

Այսօր սգոյ յուշամատեանին մէջ գրառումներ կատարած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արա Բաբլոյեանը, որ շուրջ 30 տարի մտերիմ եղած է շանսոնիէի հետ, նաեւ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանը եւ Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը։

«Միանշանակ մեծ ցաւ է մեզ համար», – ըսած է Բաբլոյեանը: – «Բայց միեւնոյն ժամանակ մեծ հպարտութիւն, որ նման անձնաւորութիւնը կարողացաւ մէկ դար աշխարհին ցնցել իր տաղանդով, իր կարողութիւններով»:

«Այն ամէնը, ինչ արել է Շարլը մեր ժողովրդի համար, նոյնպէս ուղեցոյց է, թէ ինչպէս կարելի է ապրել կեանքը եւ լինել հաւատարիմ զաւակ քո ժողովրդին, քո երկրին», – ըսած է արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանը:

Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը եւս ցաւակցական ուղերձ յղած է ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի մահուան կապակցութեամբ։

Ըստ նախագահի պաշտօնական կայքէջի, Արմէն Սարգսեանի ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. – «Անասելի ցաւ ապրեցի ծանր հարուածից` Ազնաւուրն այլեւս չկայ… Համայն մարդկութիւնը կորցրեց 20-րդ դարի ամենազգայուն հոգիներից մէկին: Ես կորցրի իմ լաւագոյն բարեկամներից մէկին, ում հետ իւրաքանչիւր հանդիպում իւրայատուկ էր իր ջերմութեամբ ու անջնջելի տպաւորութեամբ»:

«Ազնաւուրը Մեզի Լքեց, Բայց Ինչ Թողած է՝ Յաւերժ է»

Շանսոնիէի մահը կը սգան աշխարհի տարբեր անկիւններուն:

Շարլ Ազնաւուր՝ Ֆրանսայի բանաստեղծը, աշխարհի երգիչը, Հայաստանի սէրը: Ան բեմ կը բարձրանար բուռն ծափողջոյններու ուղեկցութեամբ, որոնց քիչերը արժանացած են:

Հարիւրաւոր երգերու հեղինակը, տասնեակ ֆիլմերու մէջ նկարահանուած դերասանը, բազմաթիւ ձայնասկաւառակներու հեղինակը, համաշխարհային աստղ, որ աշխարհին նուիրած է այնպիսի ստեղծագործութիւններ, ինչպիսին են «Լա Պոհեմ»-ը, «Մամա»-ն, «Աւէ Մարիա»-ն:

Շանսոնիէի մահը կը սգան աշխարհի տարբեր անկիւններուն՝ Փարիզէն մինչեւ Հոլիուտ, Քրեմլէն մինչեւ Եւրոպական միութեան կեդրոն Պրիւքսէլ: Այսօր միջազգային լրատուամիջոցներու գլխագրերը նուիրուած են Ազնաւուրին:

dion-aznavour«Շարլը ֆրանսական երաժշտութեան միակ լոյսն էր», – այսպէս յիշած է ֆրանսացի դերասան Ալեն Տըլոնը Ազնաւուրին: «Սիրտս կոտրուած է: Ես ցնցուած եմ: Ես կը սիրեմ այդ մարդուն: Անոր վաղուց կը ճանչնամ: Մենք սկսեր ենք գրեթէ միասին», – գրած է ֆրանսացի շարժանկարի աստղը:

«Ազնաւուրը ֆրանսական մշակոյթի մարմնացում էր եւ համաշխարհային աստղ: Ինծի բախտ վիճակուած է երգել անոր հետ», – ըսած է բրիտանացի երաժիշտ Սթինկը: «Նա մեզի լքեց, բայց ինչ թողած է՝ յաւերժ է», – նաեւ ըսած է ան:

«Հանգչիր խաղաղութեամբ, իմ սիրելի ընկեր Շարլ Ազնաւուր», – իր թուիթըրեան էջին գրած է  սպանացի երաժիշտ Խուլիօ Իկլէսիասի:

«Այսօր մենք հրաժեշտ կու տանք պարոն Շարլին, որ ըլլալով հայ ժողովուրդի որդին՝ դարձած էր ֆրանսերէն սիրային երգերու ամենայայտնի «դեսպանը»: Որպէս մեծ Արթիսթ՝ բեմը անոր տունն էր մինչեւ վերջին պահը», – գրած է երգչուհի Սելին Տիոնը:

julio-aznavour«Շառլը իմ սերն էր, իմ ընկերը, ես միշտ կարոտելու եմ նրան», – գրել է ամերիկացի դերասանուհի և երգչուհի Լայզա Մինելին:

Ազնաւուրի մահուան կապակցութեամբ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է նաեւ Եւրոմիութեան ղեկավար Ժան Քլոտ Եունքըրը: «Եւրոպան կորսնցուց իր ամենագեղեցիկ ձայներէն մէկը: Ազնաւուրը եղած է ամբողջ սերունդի մը ոգեշնչման աղբիւր՝ մարմնաւորելով Ֆրանսայի գեղեցիկ պատկերը», – ըսուած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահի յայտարարութեան մէջ:

Շարլ Ազնաւուրի մահուան կապակցութեամբ ցաւակցութիւն յայտնած է Ռուսաստանի կառավարութեան ղեկավարը: «Ան ամբողջ աշխարհի համար ֆրանսական եւ հայկական մշակոյթի հոգին էր եւ ձայնը», – գրած է Տմիթրի Մետվետեւը՝ աւելցնելով, որ Ազնաւուրի համերգները Ռուսաստանի մէջ մշտապէս տեղի ունեցած են լեփ-լեցուն դահլիճներու մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment