Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԲՀԿ-ն ՀՀԿ-ի Հետ կը Փորձեն Խոտանել ԱԺն Ցրելու Միակ Իրաւական Տարբերակը

ԲՀԿ-ն ՀՀԿ-ի Հետ կը Փորձեն Խոտանել ԱԺն Ցրելու Միակ Իրաւական Տարբերակը

by MassisPost

Ազգային Ժողովի «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանը խորհրդարանէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ անդրադարձած է Ազգային ժողովը ցրելու տարբերակներուն: Ան նշած է, որ երկու ճանապարհ կար՝ մէկը սահմանադրական փոփոխութիւններն են, բայց Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը պէտք է ըլլայ քուէարկութեամբ, եթէ չկայ համախոհութիւն, Սահմանադրութիւնը չի փոխուիր:

Երկրորդ տարբերակը կը մնայ, որ վարչապետը հրաժարական տայ, եւ երկու անգամ, այսինքն՝ 14 օրուայ ընթացքին վարչապետ չընտրուի: Սահմանադրութիւնը կ’ըսէ, որ եթէ երկու անգամ խորհրդարանը չի կարողանայ վարչապետ ընտրել, այդ խորհրդարանն իրաւունքի ուժով կ’արձակուի: Բայց, Մարուքեանի խօսքով, խորհրդարանական ուժերը կը փորձեն այլ մեկնաբանութիւններ տալ սահմանդրական այս նորմին, խոչընդոտել անոր իրագործման: Ծառուկեան դաշինք խմբակցութեան պատգամաւոր Գէորգ Պետրոսեանը հանդէս եկած է ԱԺ կանոնակարգ սահմանադրական օրէնքի մէջ փոփոխութիւններու նախաձեռնութեամբ:

«Այսինքն՝ անում են այն, որ եթէ խոչընդոտներ լինեն, պատգամաւորները չկարողանան մտնել շէնք, դրա հիման վրայ կը համարուի որպէս արտակարգ իրավիճակ, նիստը կը համարուի չկայացած: Սրա իմաստն այն է, որ չցրուի խորհրդարանը», ըսած է ան:

Հարցին, թէ այսինքն՝ այն միակ իրաւական ճանապարհը, որ կը մնայ խորհրդարանը ցրելու համար, կը փորձեն խոտանե’լ, Մարուքեանը պատասխանեց. «Կարելի է այդպէս ձեւակերպել: Եթէ չլինի խորհրդարանը ցրելու քաղաքական քոնսենսուս, կարող են այս ճանապարհն էլ փակել»:

Նշենք, որ այս դրոյթը ԱԺ պետաիրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովին կողմէ արժանացած է հաւանութեան, միայն Էտմոն Մարուքեանըէդեմ քուէարկած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment