Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայաստան Արցախ Ֆոնտը Յուլիսէն Սեպտեմբեր 2018-ի Միջեւ $8.9 Միլիոնի Նպաստ Հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին

Հայաստան Արցախ Ֆոնտը Յուլիսէն Սեպտեմբեր 2018-ի Միջեւ $8.9 Միլիոնի Նպաստ Հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին

by MassisPost

2018-ի երրորդ եռամսեակի ընթացքին, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $8.9 միլիոն արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին:

Հայաստան Արցախ Ֆոնտը իր իսկ ջանքերով ապահոված է սոյն օժանդակութեան ամբողջութիւնը՝ $8.9 միլիոն արժէքով դեղորայք ու այլ մարդասիրական պիտոյքներ, որ նուիրուած են AmeriCares կազմակերպութեան ($7.9 միլիոն) եւ MAP International-ի ($1 միլիոն) կողմէ:

Սեպտեմբեր 2018-ին, Քանզասի Ազգային Պահակագունդը զինուորական օդանաւով ձրիաբար Երեւան փոխադրած է $210,000 արժէքով դեղորայք, որ AmeriCares կազմակերպութիւնը նուիրած էր Հայաստանի Առողջապահութեան Նախարարութեան համար:

Իսկ Ամերիկահայ Բժշկական Միութիւնը առատաձեռնօրէն հոգացած է MAP International-ի նուիրած՝ $1 միլիոն ընդհանուր արժէքով քաղցկեղի դեղերը փոխադրելու ծախսը: Այս դեղերը ուղարկուած են Հայաստանի ու Արցախի Առողջապահութեան Նախարարութիւններուն:

Այս ժամանակաշրջանին նուիրուած դեղորայքն ու բժշկական պիտոյքները առաքուած են ՀԲԸՄ Քլոտիա Նազարեան Սուրիահայ Գաղթականներու Բժշկական Կեդրոնին, Արաբկիրի Մանուկներու Միացեալ Հիմնարկին, Հայաստանի Օգնութեան Ֆոնտին, Մանկաբարձային, Նորածնաբանական, եւ Կնաբանական Կեդրոնին, Մեծն Ներսէս Բարեգործական Կազմակերպութեան, Մուրացան Երեխաներու Ներզատաբանութեան (Endocrinology) Կեդրոնին, Նորք Մարաշ Բժշկական Կեդրոնին, եւ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Բժշկական Կեդրոնին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի Առողջապահութեան Նախարարութիւններուն:

2018-ի առաջին ինը ամիսներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $20.7 միլիոն ընդհանուր արժէքով դեղորայք, բժշկական պիտոյքներ, եւ մարդասիրական այլ օժանդակութիւն առաքած է Հայաստան եւ Արցախ: Անցեալ 30 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են $806 միլիոն ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն, 158 թռիչքներով եւ 2,410 ծովային արկղերով:

«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՛առաջարկուի միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի Նախագահ Յարութ Սասունեանը եւ շարունակեց՝ «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն: Մեծապէս կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը տրամադրել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»:

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտի գրասենեակին, հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900, իմէյլի հասց՝ [email protected]:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment