Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Այս Փուլին Նպատակայարմար Չէ, որ Փաշինեան եւ Թրամբ Հանդիպին. Գրիգոր Խոտանեան

Այս Փուլին Նպատակայարմար Չէ, որ Փաշինեան եւ Թրամբ Հանդիպին. Գրիգոր Խոտանեան

by MassisPost

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի   Շրջանի   Վարիչ մարմինի ատենապետ Գրիգոր Խոտանեանի    կարծիքով      ՀՀ  վարչապետ  Փաշինեանի  եւ ԱՄՆ նախագահ   Տանըլտ  Թրամբի  միջեւ      կայանալիք  որեւէ   հանդիպում արդիւնաւէտ պիտի չըլլայ։

Խոտանեան, որ այս մասին խօսեցաւ  «Արեւելք»ին նշեց, որ  այս հանգրուանը  Թրամբի համար  բաւականին  խառն   հանգրուան մը է եւ ան զբաղած է   ներքին  օրակարգերով, հետեւաբար   եթէ  նոյնիսկ Փաշինեան եւ Թրամբ   հանդիպին  ապա   այդ  հանդիպումէն   մեծ  ակնկալիքներ  չպէտք է ունենալ։

Ան մասնաւորապէս ըսաւ  «Նիւ Եորքի  մէջ    Ամերիկահայ     գործիչներու  հետ հանդիպման   ընթացքին վարչապետ  Փաշինեան  պատասխանեց  Թրամբի հետ  հաւանական  հանդիպման մասին   հարցումին  եւ ըսաւ, որ նման հանդիպում նախատեսուած չէ առայժմ: Յամենայնդէպս  իմ կարծիքով  նմանօրինակ  հանդիպում մը մեծ արդիւնքներ չի կրնար տալ, քանի որ Թրամբ  մխրճուած է բազմաթիւ սքանտալներու մէջ  եւ իր մտահոգութեան գլխաւոր օրակարգը  իր իշխանութիւնը  պահելն է,  ու նաեւ  իր կուսակցութեան իշխանութիւնը պահելու հարցը։ Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենան Քոնկրէսի ընտրութիւններ եւ հաւանականութիւնը մեծ է, որ դեմոկրատները վերատիրանան առնուազն քոնկրէսի պալատներէն մէկուն եւ որուն շատ հաւանաբար յաջորդէ Թրամբը  «իմբիճմընթ»ի    (Իմա՝ գահընկեց  ընելու  Խմբ. «Արեւելք»)  ենթարկելու հարցը,  եւ այս իրավիճակին   պատճառով բոլոր տաղտուկին մէջ  արտաքին յարաբերութիւններու     հարցը, բացի Քորէայէն, Ռուսաստանէն եւ Չինաստանէն  ձգուած են պետական քարտուղար Փամփէիոյին  ձեռքը,  հետեւեաբար   եթէ մենք հայերս Փաշինեան-Թրամբ  հաւանական  հանդիպումէ մը   արդիւնքներ կ’ակնկալենք  ապա, այդ   հանդիպումը    չպէտք  է  ըլլայ  սովորական  կամ  փրոթոքոլային  բնոյթի»։

Խոտանեան, որ  մեծապէս դրական  համարեց Փաշինեանի եւ հայ  համայնքի  ներկայացուցիչներուն  միջեւ   կայացած  հանդիպումը   ըսաւ՝ «Վարչապետի հանդիպումը ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ շատ դրական էր եւ բովանդակալից: Ան պատասխանեց ոչ միայն Հայաստանի վերաբերող հարցերուն, այլ նաեւ սփիւռքի շարք մը մտահոգութիւններուն, որոնց շարքին էր անշուշտ տնտեսական ներդրումներու հարցը, բնականաբար շեշտուեցաւ այս ուղղութեամբ Հայաստանի քաղաքական հեռանկարի յստակեցման հարցը: Վարչապետի կարծիքով այդ բոլորը պիտի ամրապնդուին խորհրդարանական ընտրութիւններուն միջոցաւ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment