Հետաքննող Լրագրող Գրիգոր Աթանէսեանի հրապարակած տեղեկութիւններուն համաձայն, Հայաստանի նախագահի պաշտօնը վարած Ռոպերթ Քոչարեան կը փորձէ իր նկատմամբ դրական կարծիք ձեւաւորել Արեւմուտքի մէջ, միաժամանակ ժխտական տեղեկութիւններ տարածելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասին:
Այս նպատակաւ, Քոչարեանի փաստաբանները վարձած են Բրիտանացի լոպպիստ Մայքըլ Պուրրելը, որ կ՛աշխատի որպէս միջազգային խորհրդատու Eurasia Advisory-ի հասարակական կապերու (Public relations) ընկերութեան հետ: Ան նախապէս կը գործէր APCO ընկերութեան հետ, երբ այդ ընկերութիւնը կը ներկայացնէր «Ատրպէյճանի Բարեկամներ» կազմակերպութիւնը: «Ատրպէյճանի Բարեկամներ»-ը Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուած է որպէս ոչ հասութաբեր կազմակերպութիւն եւ կը ֆինանսաւորուի Ատրպէյճանական քարիւղի SOCAR ընկերութեան կողմէ:
Ըստ Աթանէսեանի հրապարակած տեղեկութիւններուն, Մայքըլ Պուրրել պատրաստած է երկու գրութիւններ, ուր Քոչարեանը կը ներկայացուի որպէս ընտրովի հետապնդումներու զոհ:
Այս երկու գրութիւնները ուղարկուած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին՝ Փաշինեանի հետ անոր ունեցած հանդիպումէն առաջ: Մայքըլ Պուրրել Ֆրանսայի նախագահէն կը պահանջէ, որ Փաշինեանի հետ բարձրացնէ Քոչարեանի դէմ եղած մեղադրանքներու հարցը:
Մայքըլ Պուրրել իր գրութիւնները խորագրած է՝ «Ժողովրդավարութիւնը եւ օրէնքը Հայաստանի մէջ. Ի՞նչ պէտք քննարկէ նախագահ Մաքրոն Վարչապետին հետ եւ ՚Հայաստանի «Ուոթըրկէյթը». Ժամանակն է որ Արեւմուտքը շարժի»:
Մայքըլ Պուրրել իր գրութիւններուն մէջ չէ յիշած որ ինք հասարակայնութեան կապերու խորհրդական է եւ վարձուած է Քոչարեանի կողմէ: