Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախկին Դիւանագէտները Դրական կը Գնահատեն «Դեսպաններու Ուղերձը» Ստորագրած Արմէն Բայբուրդեանի Վերադարձը ԱԳՆ Համակարգ

Նախկին Դիւանագէտները Դրական կը Գնահատեն «Դեսպաններու Ուղերձը» Ստորագրած Արմէն Բայբուրդեանի Վերադարձը ԱԳՆ Համակարգ

by MassisPost

«Արմէն Բայբուրդեանը քատրային դիւանագէտ է, որը երկար տարիներ բարձր եւ պատասխանատու պաշտօններ է զբաղեցրել Արտաքին գործոց նախարարութեան համակարգում․ Բայբուրդեանին նոր դիւանագիտական պաշտօնում նշանակելն ազդարարում է նրա վերադարձը Արտաքին գործոց նախարարութեան համակարգ»:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեանն այսպէս արձագանգած է «Ազատութեան» հարցին՝ արդեօք 2008-ի  Մարտի 1-ի արիւնալի իրադարձութիւններէն առաջ Արտաքին գործոց նախարարութենէն հեռացուած դիւանագէտներէն մէկուն վերադարձը համակարգ կը վկայէ, որ իշխանութիւնները կ’ընդունին, որ երկարամեայ աշխատանքային փորձ ունեցող դիւանագէտները աշխատանքէն ազատելը քաղաքական պատճառ ունէր:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի  հրամանով Արմէն Բայբուրդեանը նշանակուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս։ Բայբուրդեանը 2004-2008 թուականներուն զբաղեցուցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի պաշտօնը: 2008 -ի Փետրուարին, Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հրամանագրով, ան ու շարք մը այլ դիւանագէտներ ազատուած էին զբաղեցուցած պաշտօններէն՝ զրկուելով արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճանէն:

Նշուած դիւանագէտները ստորագրած էին, այսպէս կոչուած, «դեսպաններու ուղերձը», որուն մէջ, մասնաւորապէս, նշուած էր․ «Կարեւորելով երկրում կայունութեան պահպանման եւ հասարակական համաձայնութեան անհրաժեշտութիւնը, մեր հայրենակիցներին, յատկապէս երկրում հասարակական կարգի ու անդորրի ապահովման համար պատասխանատու բոլոր կառոյցների ներկայացուցիչներին, կոչ ենք անում զերծ մնալ ուժի միջոցով խնդիրներ լուծելու գայթակղութիւնից»:

Հայ Ազգային Քոնկրէսի ներկայացուցիչ Վլատիմիր Կարապետեանը, որ 2006-2008 թուականներուն Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակն էր «Ազատութեան» փոխանցած է՝ այն ժամանակուայ իշխանութեան կողմէն դիւանագէտները հեռացնելը երկրին մէջ սահմանադրական կարգը տապալելու քայլերու տրամաբանական շարունակութիւնն էր:

«Դա նշանակում էր, որ իշխանութիւնն արդէն 0038 հրամանը ստորագրելով՝ որոշում էր կայացրել, որ գնալու է ամենակոշտ գործողութիւնների: Մենք ամէն օր տեղեկութիւններ էինք ստանում, որ իշխանութիւնը պատրաստուում է բռնի ուժով ցրել ընտրութիւնների կեղծման դէմ բողոքի դուրս եկած ժողովրդի հաւաքը, եւ հենց այդ ժամանակ էր, որ մենք հանդէս եկանք կոչով, որպէսզի բռնութիւն չգործադրուի: Եւ շատ կարեւոր է, որ մենք նաեւ գնահատական տուեցինք կեղծուած նախագահական ընտրութիւններին, որը համահունչ էր միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւնների գնահատականին: Մեր յայտարարութեան հիմքում այն մտահոգութիւնն էր, որ նման բռնութեան գնալով՝ Հայաստանի վարկը կտրուկ անկում է ապրելու, եւ արդիւնքում հենց նման պատկեր էլ մենք ունեցանք»,- ըսած է Կարապետեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment