Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Խորհրդարան Ընդունած է Ընտրախախտումները Քրէականացնող Օրէնսդրական Փոփոխութիւններ

Հայաստանի Խորհրդարան Ընդունած է Ընտրախախտումները Քրէականացնող Օրէնսդրական Փոփոխութիւններ

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ ամբողջութեամբ ընդունած է ընտրական շարք մը յանցագործութիւններու համար պատասխանատուութիւնը խստացնող փոփոխութիւններու փաթեթը:
Արդարադատութեան փոխնախարար Արթուր Յովհաննիսեանի խօսքով՝ անոնք պիտի գործեն արդեն մայրաքաղաքի աւագանիի  Սեպտեմբեր 23-ի ընտրութիւններուն:

Իշխանութեան ներկայացուցիչները պնդած են, որ նախաձեռնութեան նպատակը քաղաքացիներու ազատ ու անկաշկանդ ընտրութեան իրաւունքն ապահովելն է:

Քննարկումներու ժամանակ հանրապետականները, մասնաւորապէս, ընդվզած են կառավարութեան առաջարկած նոր փոփոխութեան՝ կաշառքի առաջարկը կամ խոստումն ընդունելու համար եւս քրէական պատիժ սահմանելու դէմ։

Ընտրակաշառք ստանալը կամ պահանջելը այժմ ալ քրէօրէն պատժելի է, իսկ կաշառքի առաջարկը կամ խոստումն ընդունելու մասին ձեւակերպումը նոր էր, բայց նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչներու կարծիքով՝ անորոշ:

Արդարադատութեան փոխնախարարը խոստացած էր, ձեւակերպումը կը հանեն, եւ արդէն՝ երկրորդ ընթերցման դրուելիք նախագծին մէջ այն կը բացակայէր։

Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արփինէ Յովհաննիսեանը, որ ձեւակերպումէն հրաժարելու կողմնակիցներէն մէկն էր, ամպիոնէն յորդորեց բոլորին կողմ քուէարկել նախագիծին․ – «Կառավարութիւնը ըստ էութեան դրսեւորեց բարձր փրոֆեսիոնալիզմ, արձագանգեց այն իրաւական մտահոգութիւններին, որոնք մենք ունէինք, եւ նախագիծը դարձաւ իրաւաբանօրէն գրագէտ ու ճիշդ նախագիծ»:

Հանրապետականներու կողմ քուէարկութեան մասին «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Հրաչ Յակոբեանը տեսակէտ յայտնեց՝ այլընտրանք չունէին․ – «Ի՞նչ երեսով նրանք կարող են ասել, որ լաւ նախագիծ չի: Ո՞ր կէտը լաւը չի․ որ ընտրակաշառք տուողը պէտք ա դատուի՞, որ ընտրակաշառք վերցնող-պահանջողը պէտք ա դատուի՞․․․ Ոչ: Լաւ նախագիծ է»:

Հանրապետականները շատ խօսած են աւագանիի յառաջիկայ ընտրութիւններու որակին մասին: Ամպիոնէն պատգամաւոր Կարինէ Աճեմեանը, օրինակ, կառավարութեան կոչ ըրած է դրսեւորել քաղաքական կամք եւ ազատ արդար ընտրութիւններ իրականացնել։ Յայտարարած է, թէ իրենք անցած տարիներուն անոր համար ջանք չեն խնայած:

Հրաչ Յակոբեանը հակադարձած է Կարինէ Աճեմեանին․ – «2017 թուականի ընտրութիւնների քարոզարշաւի ժամանակ ինքս բազմիցս քարոզարշաւին մասնակցելու ընթացքում հանդիպել եմ մի երեւոյթի, որը ինձ համար պարզապէս մի․․․ ուղղակի բառեր չեմ գտնում: Երբ որ մարդիկ տեսնում էին քարոզարշաւի շարասիւնը եւ հեռուից ուղղակի ասում էին՝ բա մի բան կա՞յ: Կամ բնակարանի դուռը թակում ես, պուքլեթն ես ներկայացնում, ծրագիրն ես ուզում ներկայացնել մարդուն, եւ մարդը բացում, ասում ա՝ գոնէ մէջը մի բան դնէիք, նոր տայիք: Փաստօրէն, ըստ Կարինէ Աճեմեանի, ստացուում է, որ դրա՞նք են եղել ամենաարդար ընտրութիւնները: Ոչ: Պարզապէս տասը տարի անընդմէջ Հանրապետական կուսակցութիւնը ջանք ու եռանդ չի խնայել, որպէսզի այդ միջոցով յայտնուի խորհրդարանում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment