Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 34 Կազմակերպութիւններ կը Պահանջեն Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի, Հեռուստատեսութեան եւ Ռատիոյի Յանձնաժողովի Ղեկավարներու Հրաժարականը

34 Կազմակերպութիւններ կը Պահանջեն Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի, Հեռուստատեսութեան եւ Ռատիոյի Յանձնաժողովի Ղեկավարներու Հրաժարականը

by MassisPost

Աւելի քան 3 տասնեակ հասարակական կազմակերպութիւններ յայտարարած են, որ ընտրութիւններէն առաջ անհրաժեշտ է, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի, նաեւ Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովի ղեկավարները հրաժարական ներկայացնեն, որպէսզի բարձրանայ ընտրութիւններու հանդէպ հանրային վստահութեան մակարդակը։

«Կարծում ենք, որ առնուազն ղեկավարի մակարդակով ԿԸՅ-ում եւ ՀՌՅ-ում փոփոխութիւն պէտք է լինի: Այն ասոցիացիաները, որոնք կային, այն վատ պատմութիւնները, որ կան այդ կառոյցների հետ կապուած, շատ յաճախ անձնաւորուում են ղեկավարների մակարդակով: Փոփոխութիւնը պէտք է, որ ընտրութիւնները չստուերուեն»,- «Ազատութեան» ըսած է համատեղ յայտարարութիւնը ստորագրած ՀԿ-ներէն՝ «Թրանսփարընսի ինթըրնաշընլ» հակակաշառակերութեան կեդրոնի գործադիր տնօրէն Սոնա Այվազեանը:

Յայտարարութեան տակ ստորագրած՝ քաղաքացիական հասարակութիւնը ներկայացնող 34 կազմակերպութիւնները գրած են, թէ հաւանական կը համարեն, որ նոր իրավիճակին մէջ, յեղափոխութենէն ետք, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովն ու Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովէ (ՀՌՅ), այնուամենայնիւ, իրականացնեն օրէնքով իրենց վերապահուած գործառոյթները, սակայն անհնար է մոռնալ անոնց նախկին գործելաոճը, հետեւաբար վարկաբեկուած պաշտօնեաները պէտք է հեռանան,նշած են Հասարակական կազմակերպութիւնները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment