Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան․ Փութինը Շատ Բարձր կը Գնահատէ Մարդկային Կապերը

Փաշինեան․ Փութինը Շատ Բարձր կը Գնահատէ Մարդկային Կապերը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը քաղաքական ենթաթեքսթ չի տեսներ այն բանի մէջ, որ Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորած է Ռոպերթ Քոչարեանի ծննդեան օրը՝ համարելով, որ այդ մէկը «անձնական յարաբերութիւններու խնդիր է»:

Ռուսաստանի նախագահի շնորհաւորական ուղերձը տեղադրուած էր անոր պաշտօնական կայքին վրայ, դաշնային հեռուստաալիքները հաղորդած էին լուրը: Հայաստանի մէջ քաղաքակագիտական շրջանակները գնահատած էին, թէ Փութինն այսպիսով ուղերձ կը յղէ պաշտօնական Երեւանին՝ Քոչարեանին Մարտի 1-ի գործով մեղադրանք առաջադրելու համար:

Այս առնչութեամբ վարչապետն ըսած է․ – «Ընդհանրապէս, հասցնելով ճանաչել Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահին, ես կարող եմ ասել, որ ինքը մարդկային կապերը շատ գնահատում է եւ պահպանում է աշխարհի տարբեր երկրների ներկայ եւ նախկին ղեկավարների հետ: Դուք տեսաք, որ վերջերս, չնայած Եւրամիութեան հետ բաւականին փրոպլեմաթիք յարաբերութիւններ ունեն, բայց նա մասնակցեց աւստրիացի բարձրաստիճան պաշտօնեայի հարսանեաց արարողութեանը, ինչը նշանակում է, որ մարդկային կապերը նրա համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեն»:

Դիտարկման, որ Փութինը տասը տարի հրապարակաւ չէր շնորհաւորած Քոչարեանը, վարչապետն արձագանգած է, թէ ուշադրութեամբ չի հետեւիր այդ վիճակագրութեան:

Փաշինեանը, Փութինի հետ պիտի հանդիպի գալիք Շաբաթ օրը: Հայաստանի վարչապետը փոխանցած է, որ պիտի քննարկեն հայ-ռուսական յարաբերութիւնները՝ առանց այլ մանրամասներու:

Նիկոլ Փաշինեանը կատակելով գնահատած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը, թէ Մոսկուան մտահոգուած է, որ իրադրութիւնը Հայաստանի մէջ կը շարունակէ թէժ մնալ, կը հետաքննուին տասնամեայ վաղեմութեան իրադարձութիւնները՝ եւ ըսած – «Շոգ էր էսօր բաւականին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment