Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Վեթօ Պիտի Կիրառէ, Եթէ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քննարկուի Ատրպէյճանի Անդամակցութեան Հարցը

Հայաստանը Վեթօ Պիտի Կիրառէ, Եթէ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քննարկուի Ատրպէյճանի Անդամակցութեան Հարցը

by MassisPost

Եթէ դիտարկուի Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Ատրպէյճանի անդամակցութեան հարցը, Հայաստանը պիտի օգտագործէ վեթոյի իր իրաւունքը: Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Աննա Նաղդալեանը:

«Վերլուծական շրջանակներում քննարկումներ իսկապէս տեղի են ունենում, բայց դրանք իրականացուում են ինչ-որ ենթադրեալ տեղեկատուութեան հիման վրայ: Բարձրաձայնեմ ԱԳՆ պաշտօնական դիրքորոշումըª եթէ նման հարց դիտարկուի, Հայաստանը կ’օգտագործի վեթոյի իր իրաւունքը»,- յայտարարած է Նաղդալեանը:

Նախորդ տարիներուն տպաւորիչ արագութեամբ զարգացող ռուս-ատրպէյճանական քաղաքական եւ ռազմաթեխնիքական համագործակցութեան ֆոնին ռուսաստանեան եւ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, փորձագիտական հանրութիւնը, նաեւ երկու երկիրներու խորհրդարաններու պատգամաւորները, վերջին օրերուն կը քննարկեն ՀԱՊԿ-ին Ատրպէյճանի հնարաւոր անդամակցութեան հարցը:

Հակառակ ապրիլեան պատերազմին եւ Հայաստանի իշխանութիւններու՝ բարձրագոյն մակարդակով հնչեցուցած հրապարակային դժգոհութիւններուն, Երեւանի դաշնակիցներ համարուող Ռուսաստանն ու Պելառուսը կը հանդիսանան Ատրպէյճանին սպառազինութիւն վաճառող առաջատար երկիրներ:

Նշենք, որ ի սկզբանէ Ատրպէյճանը հինգ տարի անադամակցած է ՀԱՊԿ-ին նախորդած ռազմական դաշինքին: 1992-ի Մայիսին Ռուսաստանի նախաձեռնութեամբ յետխորհրդային շարք մը երկիրներ (ներառեալ Հայաստանը) ստորագրած էին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրը: Ատրպէյճանը պայմանագրին միացած էր 1993 թուականի Սեպտեմբերին: Փաստաթուղթն ուժի մէջ մտած էր 1994-ի Ապրիլին, սակայն, երբ լրացած էր հնգամեայ ժամկէտը, Պաքուն այն չէր երկարաձգածª դուրս գալով Քրեմլի նախաձեռնած այդ դաշինքէն:
2002 թուականի Մայիսին նշուած պայմանագրի հիման վրայ ստեղծուած է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ):

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment