Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Թաթուլ Յակոբեան Ելոյթ Պիտի Ունենայ՝ «Հայաստան Թաւշեայ Յեղափոխութենէն Ետք» Նիւթին Շուրջ

Թաթուլ Յակոբեան Ելոյթ Պիտի Ունենայ՝ «Հայաստան Թաւշեայ Յեղափոխութենէն Ետք» Նիւթին Շուրջ

by MassisPost

Կազմակերպութեամբ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան, Ուրբաթ, Օգոստոս 24-ին,  Կլէնտէլի Հանրային Կեդրոնական Գրադարանէն ներս ելոյթ պիտի ունենայ հայրենի ծանօթ լրագրող, վերլուծաբան եւ  ուսումնասիրութիւններու ԱՆԻ  կեդրոնի համակարգող՝ Թաթուլ Յակոբեան:

Թաթուլ Յակոբեան Երեւանի ՍԻՎԻԼԻԹԱՍ հիմնադրամի վերլուծաբան է եւ Հայկական ուսումնասիրութիւններու ԱՆԻ կեդրոնի համակարգող: Ան լրագրող է, փորձագէտ եւ գիրքերու հեղինակ:

Յակոբեանի առաջին գիրքը՝  «Կանաչ ու Սեւ. Արցախեան Օրագիր», լոյս  տեսած 2008-ին:   Արեւելահայերէնէ բացի, հրատարակուած է ռուսերէնով, անգլերէնով, արեւմտահայերէնով, թուրքերէնով եւ արաբերէնով:

Երկրորդ գիրքը՝ «Հայեացք Արարատից. Հայերը եւ թուրքերը», հասանելի է արեւելահայերէնով, արեւմտահայերէնով եւ անգլերէնով:

Յակոբեան այժմ կ՛աշխատի  իր երկու նոր գիրքերուն վրայ՝ «Հայ-թուրքական յարաբերութիւնները եւ Ատրպէյճանը 1917-1921 թթ». եւ «Հայաստանը 1988-ից յետոյ. Ժողովրդավարութեան եւ ավտորիտարիզմի փակուղում», պայմանական անունը:

Թաթուլ Յակոբեանի յօդուածները եւ ռեպորտաժները հասանելի են www.civilnet.am եւ aniarc.am

Յակոբեան 10 տարի  լրագրութիւն  դասաւանդած է Երեւանի պետական համալսարանի Ժուռնալիստական  բաժանմունքէն ներս ներս:

1990-ին ի վեր Յակոբեան Հայաստանի, Սփիւռքի եւ միջազգային մամուլին մէջ գրած  է աւելի քան 5000 յօդուած, վարած է հարիւրաւոր հեռուստաեւռադիոյ հարցազրոյցներ:

Յակոբեան կը խօսի հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment