Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի մէջ Մահացած է Միսաք Մանուշեանի Հերոսական Խումբի Վերջին Անդամ՝ Արսէն Չաքրեանը

Ֆրանսայի մէջ Մահացած է Միսաք Մանուշեանի Հերոսական Խումբի Վերջին Անդամ՝ Արսէն Չաքրեանը

by MassisPost

Affiche RougeԿիրակի՝ 5 Օգոստոսին, Փարիզի մէջ, 101 տարեկան հասակին վախճանած է նախկին դիմադրական Արսէն Չաքրեանը՝ Միսաք Մանուշեանի հերոսական խումբի վերջին անդամը:

Ֆրանսայի քաղաքական շրջանակները, եւ առաջին հերթին՝ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, իրենց յուզումն արտայայտած են Արսէն Չաքրեանի մահուան առթիւ եւ յարգանքի տուրք մատուցած անոր անցած ուղիին՝ ուղի մը, որ, ինչպէս նշած է Մաքրոնը Թվիթըրի իր էջին, «դիմադրականի անցեալէն կ’երկարի դէպի յիշողութեան պահպանման աշխատանք»: «Արսէն Չաքրեանը հանդիսացաւ Դիմադրութեան շարժման հերոս եւ անխոնջ վկայ մը, որուն ձայնը ուժգին հնչեց մինչեւ վերջ», – գրած է Ֆրանսայի նախագահը:

Յարգանքի ու մեծարանքի յայտարարութիւններով հանդէս եկած են քաղաքական շարք մը գործիչներ:

«Համեստ եւ խոնարհ՝ Արսէն Չաքրեանը իրականութեան մէջ մեծ էր, եւ Համայնավար (Կոմունիստական) կուսակցութիւնը հպարտ է, որ ան եղած է իր շարքերէն ներս», – Թվիթըրի իր էջին գրած է Ֆրանսայի կոմկուսի գլխաւոր քարտուղար Փիեռ Լորանը:

Իսկ ընկերվարական պատգամաւոր Լիուք Քարվունասի համար Արսէն Չաքրեանը Դիմադրութեան շարժման խորհրդանիշ է, օրինակ՝ ապագայ սերունդներուն համար:

Արսէն Չաքրեանը անդադար պայքարած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար: Իր կեանքին վերջին տասնամեակներուն ընթացքին ան դպրոցներուն մէջ իր վկայութիւնները կը պատմէր նացիստական գրաւման ժամանակաշրջանի եւ Դիմադրութեան շարժման վերաբերեալ՝ միաժամանակ չդադրելով պայքարիլ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment