Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուաշինկթըն-Անգարա Դիւանագիտական Ճգնաժամը Սրընթաց կը Խորանայ

Ուաշինկթըն-Անգարա Դիւանագիտական Ճգնաժամը Սրընթաց կը Խորանայ

by MassisPost

Ուաշինկթընի եւ Անգարայի միջեւ անցած շաբթուընէ սկսած դիւանագիտական ճգնաժամը օրէ օր կը խորանայ, ինչի արդիւնքով թրքական լիրան հերթական անկում արձանագրած է՝ հասնելով տոլարի նկատմամբ պատմութեան մէջ ամենացած ցուցանիշին: Այս  ըստ էութեան, սակարաններու արձագանգն է Ուաշինկթընէն հնչող վերջին յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց՝ թրքական ընկերութիւններն յառաջիկային կրնան կորսնցնել առանց մաքսատուրքերու ամերիկեան շուկայ մտնելու արտօնութիւնը:

Անցեալ  շաբաթ, Սպիտակ տունը պատժամիջոցներ սահմանած էր երկու թուրք նախարարներու նկատմամբ՝ սառեցնելով անոնց հաշիւներն ԱՄՆ տարածքին: Փորձագէտները, սակայն, յայտնած են, որ թուրք պաշտօնեաներու դէմ պատժամիջոցներն աւելի շատ խորհրդանշական բնոյթ ունէին, մինչդեռ թրքական ապրանքները, այսպէս կոչուած՝ Duty free ռեժիմէն ազատելը կրնայ իսկապէս ցաւագին ըլլալ Անգարայի համար:

Էրտողան իր հերթին սպառնացած էր, թէ ԱՄՆ-ն կրնայ կորսնցնել Անգարայի նման վստահելի ու հաւատարիմ դաշնակից: Նախօրէին Էրտողանի վարչակազմը խօսքէն գործի անցաւ՝ պատժամիջոցներ սահմանելով ԱՄՆ-ի նկատմամբ: « Այժմ ես կը յանձնարարեմ իմ գործընկերներուս՝ սառեցնել Միացեալ Նահանգներու ներքին գործերու ու արդարադատութեան նախարարներու՝ Թուրքիոյ մէջ ունեցած հաշիւներն ու կալանք դնել անոնց ունեցած սեփականութեան վրայ»,- ըսած է Էրտողան:

Մինչ այդ, արեւմտեան լրատուամիջոցները որոշ մանրամասներ հրապարակած են Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ այս հարցի շուրջ ամիսներ շարունակուած գաղտնի բանակցութիւններուն մասին: Bloomberg գործակալութիւնը կը պնդէ, թէ կողմերը շատ մօտ եղած են համաձայնութեան, եւ Անգարան պատրաստ եղած է ազատ արձակել Պրանսընին, պայմանաւ, որ Ուաշինկթընը թոյլ տայ թրքական պետական Halkbank -ի նախկին գործադիր տնօրէն Հաքան Աթիլլային ամերիկեան բանտէն տեղափոխել Թուրքիա եւ հայրենիքին մէջ կրել պատժի մնացած մասը: Վերջինս ամիսներ առաջ նիւեորքեան դատարանին կողմէն երկուքուկէս տարուան ազատազրկման դատապարտուած է՝ Իրանի նկատմամբ ամերիկեան պատժամիջոցները շրջանցելու համար:

Bloomberg -ի աղբիւրները նշած են, թէ Ուաշինկթընը համաձայնած է այդ պահանջին, սակայն գործարքն ի վերջոյ  չէ կայացած, քանի որ Անգարան վերջին պահուն առաջ քաշած է նոր նախապայմաններ: Ըստ այդմ՝ թրքական կողմը պահանջած է, որ Ուաշինկթընը յետագային որեւէ քրէական հետապնդում պիտի չիրականացնէ Halkbank-ի նկատմամբ: «Եթէ այդ յաջողէր, Էրտողանը իրապէս յաղթող դուրս կու գար բանակցութիւններէն: Բայց անոր փոխարէն ան յայտնուեցաւ Թրամփի ցասման թիրախ»,- DW-ին ըսած է Նահանգներուն մէջ գործող վերլուծական կեդրոններէն մէկուն փորձագէտ Մերվէ Թահիրօղլուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment