Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստանեան Զարգացումները կը Հակասեն Երկրի Նոր Ղեկավարներու Յայտարարութիւններուն». Լաւրով

«Հայաստանեան Զարգացումները կը Հակասեն Երկրի Նոր Ղեկավարներու Յայտարարութիւններուն». Լաւրով

by MassisPost

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կը հակասեն երկրի նոր ղեկավարներու յայտարարութիւններուն այն մասին, որ պիտի հրաժարին իրենց նախորդներու նկատմամբ քաղաքական հետապնդումներէն։ Այս մասին Երեքշաբթի օր յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը:

Լաւրովի այս յայտարարութիւնը տեղադրուած է Ռուսաստանի արտաքին գերատեսչութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ՝ որպէս պատասխան անանուն լրատուամիջոցի մը հետեւեալ հարցին՝ «ինչպէ՞ս կրնաք մեկնաբանել Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, այդ շարքին՝ ձերբակալութիւնները»։

«Երբ Հայաստանի մէջ այս տարուան Մայիսին քաղաքական ճգնաժամ էր, մենք մեծ գոհունակութեամբ կը նշէինք, որ ի վերջոյ այդ ճգնաժամի հանգուցալուծումը գտնուեցաւ բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններու միջեւ փոխզիջման արդիւնքով։ Յոյսով էինք, որ հիմնուելով նման արդիւնքի վրայ՝ Հայաստանի բոլոր քաղաքական ուժերը, առաջին հերթին՝ նոր ղեկավարութիւնը, նոր իշխանութիւնը, այսուհետ եւս պիտի առաջնորդուին համախմբող մօտեցումներով եւ պիտի ամրապնդեն ազգային միասնութիւնը։ Սակայն վերջին օրերու իրադարձութիւնները ակնյայտօրէն կը խաթարեն այս դրական տրամադրուածութիւնը, կը հակասեն Հայաստանի նոր ղեկավարութեան վերջին յայտարարութիւններուն, թէ մտադրութիւն չունին հետապնդումներ իրականացնել իրենց նախորդներու դէմ քաղաքական նկատառումներով», – պատասխանած է Լաւրով։

Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը նաեւ ընդգծած է՝ «Ռուսաստանը, որպէս Երեւանի դաշնակից, մշտապէս շահագրգռուած եղած է հայկական պետականութեան կայունութեամբ, այդ իսկ պատճառով՝ այնտեղ կատարուող իրադարձութիւնները չեն կրնար մեզ չմտահոգել, այդ շարքին՝ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) տարածքին գործող այն կազմակերպութիւններու բնականոն գործունէութեան տեսանկիւնէն, որոնց կ’անդամակցի Հայաստանը»։

Լաւրովը նաեւ յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ քաղաքական գործիչներու ձերբակալութիւններու հետ կապուած իրավիճակը կառուցողական լուծում կը ստանայ։

«Վերջին օրերուն մենք քանի մը անգամ փոխանցած ենք մեր այս մտահոգութիւնները Հայաստանի իշխանութիւններուն։ Կ’ակնկալենք, որ իրավիճակը, այդուամենայնիւ, կ’երթայ կառուցողական ճանապարհով», – ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը։

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը չորս օր առաջ որոշած էր երկու ամիսով կալանաւորել տասը տարի Հայաստանը ղեկավարած Ռոպերթ Քոչարեանը: Ան կը մեղադրուի 2008-ի մարտիմէկեան արիւնալի իրադարձութիւններու ժամանակ սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ: Նոյն արարքի մէջ կը մեղադրուին նաեւ 2008-ին պաշտպանութեան փոխնախարար, այժմ  Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովը եւ պաշտպանութեան նախկին նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանը: Յարութիւնեանը հետախուզման մէջ է, Խաչատուրովը ազատ է արձակուած է 5 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց։ Շաբաթ օր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ նախաձեռնած է ՀԱՊԿ-ի մէջ Խաչատուրովին փոխարինելու գործընթաց։

Սերկէյ Լաւրովը իր այս կարճ հարցազրոյցին մէջ որեւէ քաղաքական գործիչի անուն չէ նշած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment