Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԺ 41 Պատգամաւորներ Նախաձեռնած են Ռոպերթ Քոչարեանին Երաշխաւորութեամբ Կալանքէն Ազատելու Գործընթաց

ԱԺ 41 Պատգամաւորներ Նախաձեռնած են Ռոպերթ Քոչարեանին Երաշխաւորութեամբ Կալանքէն Ազատելու Գործընթաց

by MassisPost

Սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ մեղադրուող երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին երկու ամիսով կալանաւորելու որոշման դէմ բողոքն երէկ ներկայացուած է Վերաքննիչ դատարան, «Ազատութեան» փոխանցած է Քոչարեանի շահերու պաշտպան Արամ Օրբելեանը: Փաստաբանը տեղեկացուցած է, որ Քոչարեանի կալանաւորման դէմ բողոքը Վերաքննիչ դատարանի կողմէն, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի քննուի եօթէն տասը օրուան ընթացքին:

Ազգային ժողովի 41 պատգամաւորներ երէկ հանդէս եկած են անձնական երաշխաւորութեամբ՝ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանքէն ազատելու համար, երէկ աւելի վաղ «Ազատութեան» ըսած էր Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Վիքթոր Սողոմոնեանը, աւելցնելով, որ գործընթացը դեռ կը շարունակուի:

«Մեծամասնութիւնը Հանրապետական խմբակցութեան պատգամաւորներն են, բայց գործընթացը դեռ աւարտուած չի, այսինքն՝ այդ թերթիկը բաց է ստորագրութեան համար, էնպէս որ՝ ես չեմ ուզում հիմա արդիւնքներ ամփոփել, անհատական ազգանուններ հրապարակել: Սպասենք, թող աւարտուի ստորագրահաւաքը, եւ արդէն արդիւնքներով կարող եմ ե՛ւ յայտարարել, ե՛ւ հրապարակել, էդտեղ որեւէ գաղտնիք չկայ», – նշած է Սողոմոնեանը:

Անոր փոխանցմամբ՝ դատարան ներկայացուելիք երաշխաւորութեան միացած են նաեւ Ազգային ժողովի հանրապետական նախագահ Արա Բաբլոյեանն ու փոխնախագահներ Էտուարտ Շարմազանովն ու Արփինէ Յովհաննիսեանը:

Տասը տարի Հայաստանը ղեկավարած Ռոպերթ Քոչարեանը հինգ օր առաջ երկու ամիսով կալանաւորուեցաւ 2008-ի մարտիմէկեան իրադարձութիւններու ժամանակ սահմանադրական կարգը տապալելու մեղադրանքով: Խորհրդարանական չորս խմբակցութիւններէն երկուքը՝ Հանրապետականն ու Դաշնակցութիւնը մտահոգութիւն յայտնած էին երկրորդ նախագահի կալանաւորման առնչութեամբ:

Քոչարեանի շահերու պաշտպան Արամ Օրբելեանն «Ազատութեան» տեղեկացուցած էր, որ երկրորդ նախագահը կը պահուի նոյն պայմաններուն մէջ, ինչ միւս կալանաւորները, բայց իր խնդրանքով՝ առանձին խուցի մէջ է: Պաշտօնաթող նախագահի գրասենեակի ղեկավարն երէկ արձագանգած է մամուլի մէջ տարածուած տեղեկութիւններուն, որ Քոչարեանը քրէակատարողական հիմնարկէն ներս յատուկ պայմաններ կ’ուզէ ունենալ․ «Խօսքն ընդամէնը իր ինքնակենսագրական գրքի համար պահանջուող համակարգչի մասին է, այլ բաներ ինձ յայտնի չեն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment