Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան․ «Իրականացնում ենք Կարեւոր, Պատմական Ժողովրդավարական Փոփոխութիւններ»

Փաշինեան․ «Իրականացնում ենք Կարեւոր, Պատմական Ժողովրդավարական Փոփոխութիւններ»

by MassisPost

Պետական այցով Հայաստան գտնուող Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելայի գլխաւորած պատուիրակութեան երէկ ընդունած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Ուրախ եմ Ձեզ ողջունել, ինչպէս հիմա ընդունուած է ասել, նոր Հայաստանում: Մենք այսօր իրականացնում ենք կարեւոր, պատմական ժողովրդավարական փոփոխութիւններ, յոյս ունեմ, որ Ձեր այցի ընթացքում զգացել էք այդ փոփոխութիւնների ու լաւատեսութեան շունչը: Բարձր ենք գնահատում Հայաստանի եւ Իտալիայի միջեւ առկայ բարեկամութիւնը եւ պատրաստ ենք ջանքեր գործադրել երկկողմ կապերի յետագայ զարգացման ու ամրապնդման ուղղութեամբ»,- ըսած է Փաշինեանը:

Մաթարելան կարեւորած է երկու երկիրներու համագործակցութեան ընդլայնումը տարբեր ոլորտներու մէջ: «Մեր ժողովուրդներուն միջեւ կայ ամուր բարեկամութիւն, եւ մենք անհրաժեշտ կը համարենք Իտալիոյ եւ Հայաստանի գործընկերութեան ա՛լ աւելի զարգացումը», – ըսած է Իտալիոյ նախագահը՝ աւելցնելով, որ հայ եւ իտալացի ժողովուրդները կը համարուին հնագոյն քաղաքակրթութեան ներկայացուցիչներ, ինչը երկկողմ կապերու խթանման լաւ հիմք է:

Զրուցակիցները քննարկած են երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարբեր, այդ շարքին՝ տնտեսութեան, պաշտպանութեան եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր: Կողմերն ընդգծած են յատկապէս պաշտպանութեան ոլորտի մէջ արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը, մասնաւորապէս Լիբանանի մէջ համատեղ խաղաղապահ առաքելութեան շրջագիծէն ներս:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան՝ վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է  Իտալիային այդ հարցի վերաբերեալ հաւասարակշիռ դիրքորոշում ցուցաբերելու եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու ջանքերուն աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Փաշինեանն ընդգծած է, որ Հայաստանը շահագրգռուած է հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորմամբ եւ պատրաստ է շարունակել ջանքերը բանակցային գործընթացին համար:

Մաթարելան նշած է, որ այսուհետ եւս Իտալիան պիտի շարունակէ իր հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը ԼՂ հակամարտութեան հարցի առնչութեամբ, այդ շարքին՝ ԵԱՀԿ-ի մէջ նախագահութեան ընթացքին:

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Սերճիօ Մաթարելան կարեւորած են տարածաշրջանի մէջ կայունութեան ամրապնդումն ու ԼՂ հակամարտութեան կողմերու միջեւ աշխոյժ երկխօսութիւնն ու խաղաղութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը:

Հայաստանի վարչապետը եւ Իտալիոյ նախագահը միտքեր փոխանակած են նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման շուրջ: Մաթարելան վստահեցուցած է, որ բոլոր ջանքերը կը ներդնէ, որպէսզի Իտալիոյ խորհրդարանէն ներս հնարաւորինս շուտ վաւերացուի Հայաստանի ու Եւրոմիութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment