Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ֆինանսներու Նախկին Նախարարը Հնարաւոր է՝ Ներգրաւուի Չարաշահումներու Հիմքով Քրէական Գործին Մէջ

Ֆինանսներու Նախկին Նախարարը Հնարաւոր է՝ Ներգրաւուի Չարաշահումներու Հիմքով Քրէական Գործին Մէջ

by MassisPost

Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի կողմէն երէկ յարուցուած քրէական գործին մէջ հնարաւոր է՝ ներգրաւուի նաեւ ելեւմուտքի նախկին նախարար Գագիկ Խաչատրեանը: Այս մասին երէկ յայտարարած է կոմիտէի նորանշանակ նախագահ Դաւիթ Անանեանը։ Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի (ՊԵԿ) քննչական վարչութիւնը, ուսումնասիրելով Դիլիճանի մէջ 2011-2016 թուականներուն կառուցուած ուսումնական կեդրոնի շինարարական փաստաթուղթերը, պարզած է, որ տեղի ունեցած են չարաշահումներ ու յափշտակութիւն։ Կառուցապատման տարիներուն ելեւմուտքի նախարարութիւնը կը ղեկավարուէր հանրութեան շրջանին սուփըրնախարար բնորոշմամբ յայտնի, մամուլի տեղեկութիւններով՝ միլիոնատէր Գագիկ Խաչատրեանը։

«Դա պէտք է քննութիւնը պարզի: Քանի որ նրա օրօք է եղել, այո, հնարաւոր է, որ նա եւս ընդգրկուի այդ գործընթացին մէջ: Բայց այդ մէկը ես պէտք չէ ըսեմ, քննիչը պէտք է որոշէ»,- երէկ լրագրողներուն ըսած է Դաւիթ Անանեանը:

Թէ ի՞նչ կարգավիճակ կ’ունենայ Գագիկ Խաչատրեանը, եւ արդեօ՞ք քրէական գործին մէջ կը ներգրաւուին բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ եւս, Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի(ՊԵԿ) նախագահն առայժմ զերծ կը մնայ այս հարցերու մեկնաբանութենէն: Կառոյցի՝ նախօրէին տարածած յայտարարութեան մէջ, սակայն, նշուած է՝ ուսումնական կեդրոնի շինարարութեան համար պատասխանատու ելեւմուտքի նախարարութեան եւ Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի պաշտօնեաները, անձնական շահագրգռուածութենէն եւ խմբային շահերէն ելլելով, խախտելով գործող օրէնսդրութեան պահանջները, առանց փաստաթղթային ձեւակերպման իրականացուցած են Դիլիճանի ուսումնական կեդրոնի շինարարական աշխատանքները։

Շինարարութեան նկատմամբ փաստացի չէ իրականացուած ո՛չ հեղինակային, ո՛չ ալ որակի թեխնիքական հսկողութիւն: Աւելին՝ աշխատանքներու փաստացի աւարտէն ետք կնքուած է վերակառուցման 6 նոր պայմանագիր՝ ընդհանուր 2,3 միլիառ դրամ արժողութեամբ, եւ ընդամէնը օրեր անց կազմուած է շինարարութեան աւարտը հաւաստող արձանագրութիւն։ Ըստ Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի՝ գործնականօրէն անհնար է մէկ կամ մի քանի օրուան ընթացքին սկսիլ եւ աւարտին հասցնել նման տեսակի եւ ծաւալներու շինարարական աշխատանքներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment