Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Քսանամեայ Դադարէ Ետք Թել Աւիւի Շարժապատկերի Դահլիճին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ֆիլմ Ցուցադրուած է

Քսանամեայ Դադարէ Ետք Թել Աւիւի Շարժապատկերի Դահլիճին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ֆիլմ Ցուցադրուած է

by MassisPost

Երեքշաբթի երեկոյեան Թել Աւիւի «Սինեմաթէք»-ի շարժապատկերի դահլիճներէն մէկուն մէջ, ուր ամէն տարի տասնեակ միջազգային եւ տեղական նշանակութեան շարժապատկերի փառատօններ տեղի կ’ունենան, 20 տարի դադարէ ետք կրկին հայկական ֆիլմ ցուցադրուած է՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Հրեայ եւ հայ հանդիսատեսի դատին ներկայացուած է «Փրկութեան քարտէզ» խաղարկային փաստավաւերագրական ֆիլմը, որ կը պատմէ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբին համամարդկային ողբերգութիւններու ժամանակ առաջացած մարդասիրական շարժման մասին: Այն փաստագրութիւն է Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն եւրոպացի մարդասէր կանանց կողմէն հայ որբ երեխաներու փրկութեան մասին եւ կառուցուած է միայն իրական փաստերու հիման վրայ: Անոնք Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներն էին եւ մազապուրծ եղած հայ երեխաներու ու կանանց ապաստաններու հիմնադիրները:

Ֆիլմի ցուցադրութիւնն Իսրայէլի մէջ կազմակերպած էին «Արարատ», «Նայիրի» եւ «Նոյեան տապան» հայկական կազմակերպութիւնները: Նախքան ցուցադրութիւնը բացման խօսքով հանդէս եկած են «Արարատ» միութեան անդամներ՝ դերասանուհի Զառա ու բեմադրիչ Էտուարտ Մարտիրոսեանները:

ԱՄՆ-էն ֆիլմի շնորհահանդէսին ժամանած էր մտայղացման հեղինակ եւ արտադրիչ Մանուէլ Սարիբեկեանը, որ նաեւ իր խօսքով հանդէս եկած է ու՝ ներկայացուցած ֆիլմը: Ցուցադրութենէն ետք հեղինակը պատասխանած է հանդիսատեսը յուզող հարցերուն:

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ Սարիբեկեանը ըսած է․ – «Ամենակարեւոր նպատակներէն մէկը, իհարկէ, նման ֆիլմ ստեղծելու՝ այս ֆիլմը արդէն փաստաթուղթ է, այստեղ բոլոր նիւթերը՝ այն, ինչ ֆիլմին մէջ կը ներկայացուի, բոլորը զուտ փաստագրական նիւթեր են, եւ այդ ուղղութեամբ պէտք է աշխատանք տարուի՝ յամենայն դէպս, տեղական եւ նաեւ հայկական կառոյցներու, Հայաստանի մէջ՝ նաեւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ նաեւ Սփիւռքի նախարարութիւնը: Հարկաւոր է ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան մասին այստեղ ֆիլմեր ցուցադրուին, այլ նաեւ հարկաւոր է մեր մշակոյթը, ընդհանրապէս մեր պատմութիւնը ներկայացնել, ընդհանրապէս մեզ ներկայացնել»:

Թել Աւիւի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան մէջ որպէս թարգմանչուհի աշխատած Թամար Կրինպըրկն ալ ափսոսանք յայտնած է, որ նման ֆիլմեր շատ յաճախակի չեն ցուցադրուիր Իսրայէլի մէջ: Ան ընդգծած է, որ համաձայն է երկրի կեդրոնի հայկական կազմակերպութիւններու յայտարարութեան, որով կոչ կ’ըլլար հրեայ քաղաքական գործիչներուն այլեւս չօգտագործել Հայկական հարցը թուրքերու դէմ ճնշում գործադրելու համար:

«Վերաբերմունքը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի հետ կապուած նման է փինկ փոնկ խաղի՝ ճանչնանք կամ չճանչնանք, կամ նուէրի նման է՝ նուէր տանք ինչ-որ մէկուն ու յետոյ ետ վերցնենք: Սա զզուելի երեւոյթ է, եւ համաձայն եմ հայկական կազմակերպութիւններուն հետ, որոնք այլեւս չեն ուզեր լսել Իսրայէլի կողմէն տարուող այս քաղաքական խաղերուն մասին»,- «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Կրինպըրկը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment