Ռուսական 102-րդ ռազմակայանի ստորաբաժանումները Յուլիս 18-ին ուսումնական վարժանք իրականացուցած են Շիրակի մարզի Փանիկ գիւղին մէջ։
Համայնքի փողոցներուն մէջ պայթիւններ, կրակոցներ հնչած են։ Գիւղացիները խուճապի մատնուած են, քանի որ զօրավարժանքի մասին տեղեկացուած չեն եղած։
Փանիկ գիւղին մէջ տեղի ունեցած դէպքը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուշադրութեան կեդրոնն է։ Այդ մասին «Ազատութեան» փոխանցած է վարչապետի մամլոյ քարտուղար Արման Եղոյեանը՝ տեղեկացնելով, որ դէպքի հանգամանքները եւ անոր ուսումնասիրութեան արդիւնքները կը զեկուցուին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:
Ըստ Եղոյեանի, դէպքի ուսումնասիրութեամբ այժմ կը զբաղուի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, որն ալ կը տրամադրէ յետագայ տեղեկատուութիւնը: Իսկ Փաշինեանը դէպքին պիտի անդրադառնայ ուրբաթ օր կայանալիք մամլոյ ասուլիսի ժամանակ:
Պաշտպանութեան նախարարի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանն երէկ «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ չուզեց գնահատական տալ տեղի ունեցած դէպքին՝ ընդամէնը տեղեկացնելով, որ այդ հարցը Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանն պիտի քննարկէ Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպանի եւ ռազմական կցորդի հետ հանդիպման ընթացքին։
«Ես զերծ կը մնամ որեւէ գնահատականներ տալուց, բայց այսօր փլանաւորուած է պաշտպանութեան նախարարի հանդիպումը Ռուսաստանի դեսպանի եւ ռազմական կցորդի հետ։ Մենք այդ մասին կը խօսենք իրենց հետ, եթէ դրանից յետոյ լրացուցիչ գնահատականի եւ պարզաբանման հարց լինի, այն ժամանակ մենք կ’անդրադառնանք։ Եւ ինչքան գիտեմ` Շիրակի մարզպետը եւս հանդիպել է պազայի հրամանատարութեան հետ, եւ համապատասխան յայտարարութիւն արդէն կայ», – ըսած է Յովհաննիսեանը:
Հարցին, թէ յստակ գործողութիւններ պէ՞տք չէ իրականացուին այսօրինակ միջադէպերը բացառելու համար՝ հաշուի առնելով ռազմապազայի հետ կապուած նախկին միջադէպերը, որոնց արդիւնքով ունինք նաեւ սպանութիւններ, Յովհաննիսեանը պատասխանած է. – «Դրանից աւել բան ես էս պահին չեմ կարող ասել, կը ներէք»: