Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Շքեղօրէն Նշուեցաւ Հնչակեան Քսան Կախաղաններու 103-րդ Ամեակը

Շքեղօրէն Նշուեցաւ Հնչակեան Քսան Կախաղաններու 103-րդ Ամեակը

by MassisPost

Հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի մեծագոյն իրադրութիւններէն՝ Հնչակեան քսան հերոսներու նահատակութեան 103րդ տարեդարձը նշուեցաւ Յուլիսի 15-ին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահին մէջ:

Արդարեւ Փասատինայի Ս.Դ.Հ.Կ. «Փարամազ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ կազմակերպուած սոյն միջոցառումը կը հովանաւորէր Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինը:

20-gallows-3

Մեծ թիւով ներկաներուն մէջ  էին ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, նախկին առաջնորդ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան եւ շրջանիս Վարիչ Մարմնի անդամներ, ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ՝ Տօքթ. Ռաֆֆի Պալեան,  ՀԲԸՄ-ի եւ Պոլսահայ Միութեան ներկայացուցիչներ, Փասատինայի եւ շրջակայքի Կրթական Համակարգի անդամ Վրոյր Պուլղուրճեան, ծանօթ պատմաբան փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեան, ինչպէս նաեւ գաղութի քոյր կազմակերպութեանց,  մամուլի ներկայացուցիչներ ու  ՍԴՀԿ անդամներ եւ համակիրներ:

ԱՄՆ-ի, Հայաստանի եւ ՍԴՀԿ-ի հիմներգերու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ օրուան հանդիսավարուհի եւ Հնչակեան Քսան Յեղափոխականներու շառաւիղէն՝ Տիկ. Թագուհի Արզումանեան: Ան ոգեւորիչ ելոյթով մը պանծացուց յիշատակը մեր հերոսներուն, որոնք վառ օրինակներ են իսկական հայրենասիրութեան: «Այսօր ոչ միայն մենք այլ ամբողջ աշխարհը կ՛ոգեկոչէ անոնց անմար յիշատակը», ըսաւ ան:

Իր բացման խօսքին մէջ ՍԴՀԿ «Փարամազ» մասնաճիւղի վարչութեան անունով ատենապետ ընկ. Տիրան Ճէրէճեան ողջունեց ներկայ հիւր անձնաւորութիւններն ու հասարակութիւնը: Այնուհետեւ ի մէջ այլոց ըսաւ. «Այսօր պարծանքի եւ ինքնագնահատման օր է: Հզօր եւ անհամար եղած է այն հայ ղեկավարներու թիւը, որոնք քաջաբար կռուեցան  բանթուրանիզմի վտանգին դէմ, որուն նպատակն էր ոչնչացնել մեր ծրագիրները: 1913ի Հնչակեան կուսակցութեան 7րդ համագումարի նպատակն էր անողոք պայքար մղել իթթիհատականներուն դէմ: Քսաններու նահատակութենէն ետք հայ ժողովուրդի քաջարի ազատամարտիկները, տարբեր դրօշներու ներքեւ կերտեցին Սարդարապատի յաղթանակը: Անոնք բովանդակ հայութեան պարծանքն են, որոնք կերտեցին նաեւ Արցախը»:

20-gallows-12

Շնորհալի ասմունքող Թագուհի Արզումանեան այնուհետեւ «Իմ Հայրանունը» կոչուող ինքնագիր հոյակապ քերթուածով մը, հայրենասիրական ոգիով լեցուց բոլորի սրտերը, արժանանալով երկարատեւ բուռն ծափահարութիւններու:

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան հեզաճկուն պարուհիներու ելոյթէն ետք, անգլերէն լեզուով ելոյթ ունեցաւ երիտասարդ իրաւաբան Վահան Խոտանեան: Ան առաւելաբար շեշտը դրաւ նահատակներու պատգամին վրայ, որ է յարատեւ պայքարի շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը, հայ ժողովուրդի գերագոյն իղձերու իրականացման համար:

20-gallows-8

Շնորհալի երգիչ  Յարութ Յակոբեան մթնոլորտը խանդավառեց օրուան պատշաճ երգերով («Ողջոյն քեզ Հնչակ», «Ատանա», եւ «Անդրանիկ Փաշա»):

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Կիրակոս Թիւթիւնճեան, (յատկապէս ժամանած  Գանատայէն): Ան նաեւ անդրադարձաւ  Իթթիհատ Կուսակցութեան դաւադրութեան մասին, յատկապէս Ատանայի հայաջինջ ջարդի եւ ապա Հնչակեան Կուսակցութեան Քէօսթէնճէի համագումարի որոշումին շուրջ: Արդարեւ այդ ժողովին մէջ որոշուած էր բնաջնջել համաթուրանական ծրագիրներով մէջտեղ եկած սուլթանական թուրքիոյ իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավարները: Այդ որոշումին արդիւնքն էր քսաններու նահատակութիւնը, որոնք պատասխանատու նկատուած էին կազմակերպուելիք ահաբեկչութեան: Բայց սուլթան Պայազիտի հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացուած քսաններէն Տօքթ. Պէննէ կը յարէր. «Դուք մեզ քսաններս կը կախէք բայց վաղը քսան հազարներ մեր վրէժը պիտի լուծեն»:

Յարգելի բանախօս ընկերը անդրադարձաւ Մեծ Եղեռնէն ետք հայութեան ազատագրական պայքարի իբր արդիւնք նորանկախ Հայաստանի գոյառումին: Այսօր մեր հայրենիքը ՄԱԿ-ի եւ Միջազգային կառոյցներու անդամ է: Այսուհանդերձ  ունինք մեր ներքին եւ սփիւռք  մտահոգող տագնապներն ու հարցերը: Հարկ է որ ոյժ տանք մեր միասնութեան եւ զօրավիգ կանգնինք  հայակերտումի ջանքերուն եւ հայրենիքի բարգաւաճման գործընթացին:

20-gallows-9

«Հնչակեան կուսակցութիւնը հայապահպանութեան անփոխարինելի օճախը համարելով Հայաստանը, անխախտ հաւատարմութեամբ կանգնած է հայրենի պետութեան կողքին: Մենք անոր մէջ կը տեսնենք Արցախի միջազգային ճանաչումը, ինչպէս նաեւ մեր պահանջատիրական պայքարի յաղթանակը:

«Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն հայրենիքի հորիզոնին վրայ ծնաւ  մեր համոզումներուն հարազատ ժողովրդային արդար շարժումը: Թաւշեայ յեղափոխութիւնը տուաւ մեր հետապնդած հայրենիքին ազդանշանը: -Անգամ մը եւս մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք վերահաստատելու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հայրենակերտումի յանդուգն ճիգերուն: Պիտի շարունակենք հայրենիքի մէջ բոյն դրած խորթ երեւոյթներուն դէմ մեր կառուցողական ընդդիմութիւնը»:

«Ազատ, գերիշխան ու անկախ հայրենիքի տեսլականը համոզում է մեզ համար եւ ոչ կարգախօս:

«Պիտի գայ ճանաչումի եւ հաշուետուութեան ու հատուցման օրը, այնքան ատեն որ մեր ժողովուրդը կը ծնի Փարամազներ, Տօքթ. Պէններներ, Վանիկներ, կը ծնի Եռաբլուրի մէջ ննջող նահատակներ», իր խօսքի ընթացքին ըսաւ ընկ. Թիւթիւնճեան:

20-gallows-10

Այնուհետեւ խօսք առաւ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ դրուատեց քսաններու հերոսական կեանքի տեսլականը: «Մենք եւս վերարժեւորեցնենք մեր կեանքը: Միասնաբար հարց տանք թէ ինչպէս մեր պատգամները փոխանցենք մեր երիտասարդ սերունդին: Անոնք հպարտութեամբ պէտք է ապրին մեր հայրենիքի ցաւերն ու ուրախութիւնները: Քսանները կախաղան բարձրացան տեսնելու համար այսօրուան պայծառ Հայաստանը: Այս օրերուն կ՛ապրինք դժուարին օրեր: Երիտասարդները հեռու կը մնան եկեղեցիէն ու հայրենիքէն: Համախմբենք մեր ոյժերը, հետեւինք քսաններու պատգամին, որպէսզի անոնց յիշատակն անմահ մնայ»:

20-gallows-5

Օրուան գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ շնորհալի երգիչներ՝ Արաքսիա Ամիրխանեան («Հայ Քաջեր», «Պատերազմի էք գնում») եւ Արնօ Մկրտիչեան («Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ», «Հնչակեան Հայ Զինուոր ենք», «Տուր Ձեռքդ Ընկեր», «Հնչակեան ենք Մենք»): Վերջին զոյգ երգերուն ժողովուրդն ալ  իր մասնակցութիւնը բերաւ այս հոգեյոյզ կատարումին, բարձրացնելով բոլորին տրամադրութիւնները:

20-gallows-11

Սրահի մուտքին յատուկ եռոտանիներու վրայ զետեղուած էին Հնչակեան քսան ռահվիրաներու դիմանկարները իրենց հակիրճ կենսագրականներով£ Իսկ գլխաւոր բեմը գեղարուեստական գեղեցիկ յարդարանքով կը պատկերացնէր քսան տիտանները՝ որոնց վրայ կ՛երեւէր օրուան նշանաբանը՝ հետեւեալ վերտառութեամբ. «Մեր Յստակ Տեսլականը՝ Ժողովրդավարական եւ Անկախ Հայաստան»: Այս բոլորը պատրաստուած էին արուեստագէտ՝ Մանուկ Սադամեանի կողմէ:

Կը գնահատենք նախաձեռնող «Փարամազ» մասնաճիւղը իր այս բարձրորակ եւ յիշարժան միջոցառումին համար:

Գ.Մ.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment