Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ոչ Պաշտօնական, Աշխատանքային Հանդիպումներ Ունեցած է Շարք մը Երկիրներու Առաջնորդներու Հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ոչ Պաշտօնական, Աշխատանքային Հանդիպումներ Ունեցած է Շարք մը Երկիրներու Առաջնորդներու Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս 12 յուլիսին ոչ պաշտօնական, աշխատանքային հանդիպումներ ունեցած է շարք մը երկիրներու առաջնորդներուն հետ: Մասնաւորապէս, վարչապետը հանդիպած է Աֆղանստանի նախագահ Աշրաֆ Ղանիի, Պելճիքայի Թագաւորութեան վարչապետ Շառլ Միշէլի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Իտալիոյ վարչապետ Ջուճեպպէ Քոնթէի, Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի, Լիթվայի նախագահ Տալիա Կրիպաուսքայթէի, Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիպրասի, Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքոյի, Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչես-Փերես Քասթեխոնի, Մակեդոնիոյ վարչապետ Զորան Զաեւի, Սլովաքիայի նախագահ Անտրէյ Քիսքայի եւ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Եենս Սթոլթընպըրկի հետ:

Վարչապետը վերոնշեալ պետութիւններու ղեկավարներուն եւ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարին հետ քննարկած է երկկողմ եւ բազմակողմ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներն ու երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարբեր հարցեր:

pashinian-canada

pashinian-greece

pashinian-afghanistan

pashinian-L2

pashinian-L-1

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment