Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ Պատրաստ է Աջակցիլ Հայաստանին Բարեփոխումները Կեանքի Կոչելու Համար

ԵՄ Պատրաստ է Աջակցիլ Հայաստանին Բարեփոխումները Կեանքի Կոչելու Համար

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանին մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Դուսքի հետ հանդիպման ժամանակ նշած է, որ ՀՀ նոր կառավարութեան նպատակն է ամրապնդել ժողովրդավարութեան յաղթանակը, ապահովել երկրի մէջ օրէնքի գերակայութիւնը, դատական համակարգի անկախութիւնը, եւ որ այս ճանապարհին Հայաստանը կը կարեւորէ ԵՄ աջակցութիւնը եւ պատրաստ է վերջինիս հետ սերտ համագործակցութեան:

«Ես միշտ եղած եմ Հայաստանի բարեկամը: Այն, ինչ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ՝ իւրայատուկ էր եւ, ըսեմ Ձեզ, շատ եւրոպական: Ձեր օրինակը շատ խոստմնալից էր եւ կրնաք ակնկալել Եւրոպական միութեան աջակցութիւնը բարեփոխումները կեանքի կոչելու ճանապարհին»,- կառավարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդմամբ՝ ըսած է Տանըլտ Դուսքը:

Քննարկման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ «Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին» համաձայնագիրին:

ՀՀ վարչապետը ողջոյններ փոխանակած է նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment