Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը հերքած է ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու տարածած տեղեկատուութիւնը:
Նշենք, որ ատրպէյճնական լրատուամիջոցները տեղեկութիւն տարածած էին, որ Փարիզի կողմէն Ատրպէյճանին զէնք վաճառելու արգելքը վերացած է:
«Այդ տեղեկատուութիւնն իրականութեանը չի համապատասխանում»,- NEWS.am-ին յայտնած են ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունէն:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանն ալ աւելի վաղ յայտնած էր, որ հայկական կողմը կը պարզէ այդ տեղեկատուութեան իսկութիւնը: