Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ոստիկանութիւնը Մայր Աթոռէն Հեռացուցած է Բողոքի Ցոյցի Մասնակիցները

Ոստիկանութիւնը Մայր Աթոռէն Հեռացուցած է Բողոքի Ցոյցի Մասնակիցները

by MassisPost

Ոստիկանութիւնն Յուլիս 10-ի առաւօտեան Մայր Աթոռի տարածքէն հեռացուցած է Կաթողիկոսի հրաժարականը պահանջող ցուցարարները:

Panorama.am-ը հետաքրքրուած է, թէ ինչը պատճառ դարձաւ, որ ոստիկանութիւնը քայլեր ձեռնարկեց: Նախորդ օրը ոստիկանութենէն ըսած էին, որ  ցուցարարներուն պիտի հեռացնեն, երբ կոպտօրէն խախտուի հասարակական կարգը եւ անհամաչափօրէն սահմանափակուի այլ քաղաքացիներու ազատ տեղաշարժելու իրաւունքը:

«Օրերս ե՛ւ հոգեւորականներից, ե՛ւ քաղաքացիներից ոստիկանութիւնում բազմաթիւ բողոքներ են ստացուել, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանատանը շուրջօրեայ բողոքի ակցիա իրականացնող անձինք խաթարում են հաստատութեան բնականոն գործունէութիւնը։

Բացի այդ, ակցիայի մասնակիցների եւ միւս կողմի միջեւ առկայ էր հնարաւոր բախումների վտանգ, որը նախկինում ոստիկանները կանխել էին, սակայն լարուածութիւնը այդպէս էլ չէր մարում։

Հաշուի առնելով այս հանգամանքները՝ Յուլիսի 10-ի առաւօտեան ոստիկանները ակցիայի մասնակիցներին հեռացրել են դիւանատան վարչական շէնքից՝ վերականգնելով հաստատութեան բնականոն աշխատանքը»,-Panorama.am-ին ըսած են ոստիկանութենէն:

 

«Նոր Հայաստան նոր Հայրապետ» նախաձեռնութիւնը ոստիկանութեան գործողութիւնները որակած է որպէս բռնի ուժի կիրառում:

 

«Այսօր կարգապահական յանձնաժողովում քննարկելու են Կորիւն աբեղային կարգալոյծ անելու հարցը, ուստի Մայր Աթոռի տարածքից նախաձեռնութեան անդամներին հեռացնելն ունէր իր նպատակը: Այն է. հեռու պահել շարժման մասնակիցներին, հեռացնել նրանց Մայր Աթոռի տարածքից, որպէսզի Հայր Կորիւնին կարգալոյծ անելուց յետոյ չնայեն վերջինիս աչքերին, քանի որ ոչ մի հիմք չկայ նրան կարգալոյծ անելու»,-ըսուած է նախաձեռնութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Նոյն օրը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողով։

Ժողովին անդրադարձ կատարուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի դէմ վերջին շաբաթներուն իրականացուող հակականոնական գործողութիւններուն, այդ շարքին եւ Դիւանատան շէնք ներխուժելու եւ Մայր Աթոռի աշխատանքը խոչընդոտելու փաստերուն։ Քննարկելով ստեղծուած կացութիւնը՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներն անընդունելի եւ դատապարտելի նկատած են յայտնի նախաձեռնութեան որդեգրած քայլերը, որոնք կը խաթարեն ներեկեղեցական անդորրն ու գայթակղութիւն կը դառնան հաւատացեալներուն համար։

Այսուհանդերձ, ելլելով Եկեղեցւոյ կողմէն սէրը եւ ներողամտութիւնը իսպառ արտայայտելու առաքելութենէն, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը, անսալով Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յորդորին, որոշած է մէկշաբաթեայ վերջնաժամկէտ սահմանել, որպէսզի անդրադարձումի եւս մէկ առիթ ընծայուի նախաձեռնութեան անդամներուն՝ դադրեցնելու հակականոնական իրենց գործողութիւնները եւ զղջման ու ապաշխարութեան ճանապարհով վերադառնալու Սուրբ Էջմիածնի խնամակալ հովանու ներքոյ։ Կորիւն աբեղայի համար որոշուած է անդրադարձումէն ետք ապաշխարութեան շրջան սահմանել վանքերէն մէկուն մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment