Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մոսկուան Պատրաստ է «Սու 30 ՍՄ» Մարտական Ինքնաթիռներ Մատակարարել Երեւանին

Մոսկուան Պատրաստ է «Սու 30 ՍՄ» Մարտական Ինքնաթիռներ Մատակարարել Երեւանին

by MassisPost

Հայաստանի մէջ իշխանափոխութենէն առաջ ՀՀ ՊՆ-ն ռուսական «Սու-30ՍՄ» կործանիչներու ձեռքբերման հարցը յետաձգուած էր մինչեւ 2024 թուական: Պայմանագիրը, որ առնուազն մէկ խմբաքանակի մատակարարում կը նախատեսէ, ստորագրուած էր 2012 թուականին, սակայն այդպէս ալ ուժի մէջ չէր մտած՝ պատուիրատուի նիւթական դժուարութիւններու պատճառով:

Ըստ պարբերականի՝ Ռուսիան կ’ակնկալէ իրականացնել համաձայնագիրը արդէն Հայաստանի նոր ղեկավարութեան հետ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արդէն նստած է «Սու-30ՍՄ»-ի խցիկի մէջ եւ այն «աշխարհում լաւագոյններէն մէկ»ը անուանուած է:

pashinian-Sukhoi-Su-30SM

Խօսակցութիւնները այն մասին են, որ Հայաստանը կը ցանկանայ «Սու-30ՍՄ» ձեռք բերել, կրկին աշխուժացան, երբ Նիկոլ Փաշինեան իր ֆէյսպուքեան էջին տեղադրած է ինքնաթիռով լուսանկարը, որ կը գտնուի Էրեբունիի ռազմական օդակայանի մէջ (այնտեղ տեղակայուած է 3624-րդ ռուսական ռազմակայանը):

Ինչպէս «Կոմերսանտ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին պատմած են ինքնաթիռներու արդիւնաբերութեան մի քանի տնօրէններ, հայկական զինուած ուժերը սկսած են հետաքրքրութիւն ցուցաբերել «Սու-30ՍՄ»-ի նկատմամբ դեռ 2010 թուականին՝ Օդային ուժերու պարկի արդիականացման անհրաժեշտութեան պատճառով:

Աւելին, մօտ 2012 թուականին Մոսկուան եւ Երեւանը ստորագրեցին պայմանագիր, որու համաձայն, Հայաստանը քանի մը տարուան ընթացքին պէտք է առնուազն 12 կործանիչ ստանար (անոնց մատակարարման թոյլտուութիւնը, ըստ «Կոմերսանտ»-ի, ճիշդ այդ ժամանակ տրուած է Վլատիմիր Փութինի կողմէ): Սակայն համաձայնագիրը այդպէս ալ իրականութիւն չդարձաւ յաճախորդի նիւթական դժուարութիւններու պատճառով: Այդ ժամանակէն ի վեր կողմերը պարբերաբար եւ անյաջող կերպով քննարկած են պայմանագիրի գործնական իրականացման հեռանկարները:

Ընդ որում, ինքնաթիռներէն բացի (Մոսկուայի մէջ կը փորձէին լուծել Երեւանի նիւթական խնդիրը՝ թոյլ տալով գնել ինքնաթիռները ներռուսաստանեան գիներով, այլ ոչ թէ՝ արտահանման) Հայաստանին անհրաժեշտ էր գնել նաեւ այլ սպառազինութիւն: Այդպէս, օրինակ, Երեւանը առաջինը ձեռք բերաւ «Իսկանդեր» նորագոյն մարտավարական հրթիռային համալիրը, ինչպէս նաեւ ռուսական վարկերու հաշիւին 300 միլիոն տոլարի զէնք ձեռք բերաւ: Ըստ «Կոմերսանտ»-ի՝ «Սու-30ՍՄ»-ի գնման թեմային կողմերը վերջին անգամ անդրադարձած են Հայաստանի մէջ յեղափոխութենէն քանի մը ամիս առաջ:

Այդ հանդիպմանն ալ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները ռուս բանակցողներուն յայտնեցին, որ աւելի շուտ կնքուած պայմանագիրով նախատեսուած ինքնաթիռներու ձեռքբերումը կը յետաձգուի եւս վեց տարի, այսինքն՝ մինչեւ 2024 թուական: Ռազմատեխնիկական համագործակցութեան ոլորտի մէջ աղբիւրներու համաձայն՝ արդէն յեղափոխութենէն եւ իշխանափոխութենէն յետոյ երկու երկրներու մասնագէտներու միջեւ զէնքի արտահանման վերաբերեալ շփումներ չեն եղած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment