Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սամուէլ Պապայեան Ազատ Արձակուեցաւ

Սամուէլ Պապայեան Ազատ Արձակուեցաւ

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամուէլ Պապայեան Վճռաբեկ դատարանի  հրապարակած որոշմամբ ազատ արձակուեցաւ կալանքէ՝ Ազգային ժողովի «Ելք» եւ «Ծառուկեան» խմբակցութիւններու խումբ մը պատգամաւորներու երաշխաւորութեան դիմաց:

Վճռաբեկ դատարանը փոխեց նաեւ գործով անցնող եւ անազատութեան մէջ գտնուող միւս երկու ամբաստանեալներու խափանման միջոց կալանքը՝ պատգամաւորներու անձնական երաշխաւորութեամբ եւ գրաւով:

Վճռաբեկը բեկանեց Վերաքննիչ դատարանի որոշումը Պապայեանի եւ միւսներու գործով ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի վճիռը անփոփոխ թողնելու մասին՝ գործը ուղարկելով նոր քննութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment