Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պատմական Թէ՞ Ցուցադրական

Պատմական Թէ՞ Ցուցադրական

by MassisPost

Սինկափիւրի մէջ կայացաւ Միացեալ  Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Ճանկ Ունի միջեւ հանդիպումը: Երկու երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով աննախընթաց այս հանդիպումը Սպիտակ Տան շրջանակներուն կողմէ  կոչուեցաւ պատմական, սակայն շատերու եզրակացութիւնը այն էր որ, հանդիպումը աւելի շատ ցուցադրական էր եւ կը ծառայէր երկու նախագահներու վարկանիշի բարձրացման:

Թրամփ,  որ տակաւին մի քանի ամիս առաջ վիրաւորանքներ կ’ուղղէր Ճանկ  Ունի հասցէին եւ կը սպառնար կործանել Հիւսիսային Քորէային, եթէ ան չդադրեցնէ իր միջուկային զէնքերու ծրագիրը ու  չյանձնէ ունեցած պաշարները, հանդիպման առաջին վայրկեանին իսկ «անձնատուր եղաւ», երբ ողջունելով գործընկերոջը ըսաւ` «պատիւ է Ձեզ հետ հանդիպիլը»:

Թրամփի այս արտայայտութիւնը, ուղղուած աշխարհի ամենէն փակ ու բռնապետական երկրի ղեկավարին,  տարօրինակ թուեցաւ շատերուն: Տարբեր բան պէտք չէր ակնկալել Թրամփէն, որ  ունի  խիստ  սահմանափակ  բառապաշար եւ կը խորհի  որ, անձնական շոյանքով  կարելի է  միջազգային բարդ բանակցութիւնները վարել:

Նախքան հանդիպումը, միջուկային զէնքերու  յանձնումը նախապայման  նկատող Ամերիկայի նախագահը, հանդիպումի աւարտին բաւարարուեցաւ ստորագրելով համաձայնութիւնը մը, ուր միայն անորոշ խօսքեր կային միջուկային զէնքերու մասին:

Մասնագէտներ այս առթիւ  կը յիշեցնեն որ, նախագահներ Քլինթընի եւ Պուշի օրով միջուկային զէնքերու մասին շատ աւելի յստակ ձեւակերպուած համաձայնութիւններ գոյացած են, սակայն անոնք մնացած են թուղթի վրայ` առանց որ Հիւսիսային Քորէան կատարէ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները:

Այս հանդիպումի միակ դրական կողմը նկատուեցաւ այն, որ կործանարար պատերազմի մասին սպառնալիքները վերացան ու  աշխարհ  կրնայ աւելի հանգիստ զգալ` ժամանակի մը համար:

Թրամփ, որ ամիս մը առաջ,  առանց մտածելու իր առած քայլի հետեւանքներու մասին, չեղեալ համարեց նախագահ Օպամայի  օրով Իրանի հետ կնքուած միջուկային համաձայնութիւնը,  այժմ կը փորձէ համաձայնութեան գալ Հիւսիսային Քորէայի հետ:

Թրամփի  ներքին ու արտաքին  բոլոր  քալերը կը կրեն ցուցադրական բնոյթ, որոնք ապագային կրնան ծանր հետեւանքներ  ունենալ  Միացեալ Նահանգներու  համար:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment