Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոպացի Գործիչները Կաշառելու Համար Իլհամ Ալիեւը Թալանած է Ատրպէյճանի Աւանդատուները

Եւրոպացի Գործիչները Կաշառելու Համար Իլհամ Ալիեւը Թալանած է Ատրպէյճանի Աւանդատուները

by MassisPost

Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծի (Organized Crime and Corruption Reporting Project) (OCCRP) հաղորդմամբ՝ Ատրպէյճանի իշխող վերնախաւի ներկայացուցիչները 2012-2014-ն ինկած ժամանակահատուածին կեղծ բրիտանական ընկերութիւններու միջոցով երկրէն մօտ 3 միլիառ տոլար հանած են, որ օգտագործուած է եւրոպական տարբեր պաշտօնեաներու կաշառելու, ինչպէս նաեւ թանկարժէք ապրանքներ ձեռք բերելու համար:

OCCRP-ի հետաքննութիւններու համար հիմք հանդիսացած է շարք մը միջազգային լրատուամիջոցներու անանուն աղբիւրներու կողմէ տրամադրուած դրամատնային փաստաթղթեր:

Ատրպէյճանէն կաշառք ստացած եւրոպացի գործիչներու մէջ եղած են Գերմանական Պունտեսթակի պատգամաւոր, որ Ատրպէյճանի մէջ բազմաթիւ ընտրախախտումներով կայացած ընտրութիւններու վերաբերեալ դրական զեկոյց պատրաստած է, ԵԽԽՎ անդամ, որ փորձած է խոչընդոտել Ատրպէյճանի քաղբանտարկեալներու վերաբերեալ զեկոյցի ընդունման եւ Նոյնիսկ ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի տնօրէն, պուլկարացի քաղաքական գործիչ Իրինա Բոկովան եւ անոր ամուսինը՝ «Ատրպէյճանը հանդուրժողականութեան տարածք» խորագիրով ցուցահանդէսը կազմակերպելու համար: Եւրոպայի մէջ Ատրպէյճանի հեղինակութիւնը բարձրացնելու նպատակով եւրոպական գործիչները կաշառելու գործելաոճին ատրպէյճանցի դիւանագէտները տուած են «խաւիարային դիւանագիտութիւն» անուանումը: Նախքան ալ «խաւիարային դիւանագիտութեան» շրջանակի մէջ ատրպէյճանցի պաշտօնեաները թանկարժէք իրերու եւ մեծ քանակութեամբ սեւ խաւիարի միջոցով փորձած են կաշառել եւ ազդել տարբեր երկրներու ներկայացուցիչներու որոշումներու վրայ, որոնք կարեւոր եղած են Ատրպէյճանի համար: Ի տարբերութիւն նախքան տարուած «խաւիարային դիւանագիտութեան», երբ կաշառքները հիմնականին նուէրներու եւ սեւ խաւիարի տեսքով էին, Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծի (Organized Crime and Corruption Reporting Project) կողմէ կատարուած վերջին բացայայտումներու մէջ խօսքը բացառապէս գումարային կաշառքներու մասին է, որոնք, ըստ պնդումներու, գողցուած են ատրպէյճանական ամենամեծ՝ Ատրպէյճանի միջազգային դրամատունի աւանդատուներէն: Որպէս արդիւնք Ատրպէյճանի միջազգային դրամատունը 2017 թ. սնանկ ճանչցուած է եւ չէ կարողացած անգամ կատարել իր պարտաւորութիւնները: Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ իրականացուած օտարերկրեայ ապօրինի գործողութիւններու վերաբերեալ OCCRP-ի կատարած նոր բացայայտումները ստացած են «Ատրպէյճանական լուացքատուն» անուանումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment