Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հալէպ. Սարդարապատի եւ Զանգեզուրի Յաղթանակներուն Նուիրուած Տօնակատարութիւն

Հալէպ. Սարդարապատի եւ Զանգեզուրի Յաղթանակներուն Նուիրուած Տօնակատարութիւն

by MassisPost

Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական Մարմինին, կազմակերպութեամբ Ս․Դ․Հ․Կ․ Տխրունի Ուսանողական-Երիտասարդական Միութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման եւ 100-ամեայ Սարդարապատի եւ Զանգեզուրի յաղթանակներուն տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 3 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, Կիլիկիան Ճեմարանի շրջափակէն ներս:

Բացումը կատարեց Հայ Մարմնամարզական Միութեան՝ ՀՄՄ-ի փողերախումբը՝ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով։

Երիտասարդութեան համար ողջունելի էր ներկայութիւնը Սրբազան հօր եւ Սոցեալ Դեմկորատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ  Վազգէն Համմալեանի եւ Ալեքսան Քէօշկէրեանի:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թամար Աղայեան, որ յայտնեց, թէ Մշեցի Պանդուխտի, Հայկ Բժշկեանի, Գրիգոր Աւշարեանի եւ զօրավար Անդրանիկի սխրանքները վերոյիշեալ ազատամարտերը յաղթանակով պսակեցին։

Սասնոյ Մեծն Մուրատի նուիրուած բանաստեղծութիւն մը ասմունքեցին Ժոսլին Կարապետեան եւ Վանա Արուշեան: Ծիլա Կարապետեան  ասմունքեց զօրավար Անդրանիկին նուիրուած քերթուած մը:

Օրուան բանախօսն էր Ռիթա Պէրթիզլեան, որ շեշտեց թէ Սարդարապատի եւ Զանգեզուրի յաղթանակները կերտուեցան հայ ժողովուրդին միասնականութեան շնորհիւ։

Ապա ելոյթ ունեցաւ Հնչակի զանգը յիշեցնող «Ղօղանջ» երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Յարութ Ալապոզանեանի: Երգչախումբը ներկայացուց Մայիսեան յաղթանակներուն նուիրուած հայրենասիրական երգերու փունջ մը։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը իր եզրափակիչ խօսքով յորդորեց հայ ազգի եւ եկեղեցւոյ պահպանումը գերադաս համարել մեր հայանպաստ աշխատանքներուն մէջ։

Այս առիթով յղուած էին շնորհաւորագիրներ հետեւեալ միութիւններուն կողմէ.- ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողով, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւն, ՌԱԿ Վերին Մարմնի Վարչութիւն, Ազգային Մշակութային Միութիւն, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւն, Գերմանիկ-Վասպուրական Մշակութային Միութեան Գործադիր Մարմին, Կրթասիրաց Մշակութային Միութիւն։

Ձեռնարկը աւարտին հասաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:

Տխրունի ՈւսանողականԵրիտասարդական Միութիւն

dkhruni-2

dkhruni-3

dkhruni-4

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment