Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազատ Արձակուած են «Սասնայ Ծռեր»էն Եւս Երկու Անդամ

Ազատ Արձակուած են «Սասնայ Ծռեր»էն Եւս Երկու Անդամ

by MassisPost

Յունիս 8ին Դատարանը կալանքէն ազատ արձակած է 2016-ին ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդը գրաւելու համար մեղադրուող «Սասնայ ծռեր» խումբի եւս երկու անդամ՝ Տիգրան Սարգսեան եւ Յովհաննէս Վարդանեան։

Յունիս 7-ին դատարանը կալանքէ ազատ արձակած էր զինուած խումբի անդամ Արեգ Կիւրեղեանը։

Այսպիսով, 17 Յուլիս 2016 թուականին ոստիկանական գունդը գրաւած խումբի երեք անդամ ազատ արձակուած են։

Տիգրան Սարգսեանն ու Յովհաննէս Վարդանեան ազատ արձակուած են  դատարանի դահլիճէն՝ ստորագրութիւն տալով չհեռանալու մասին։

Դատաւոր Արտուշ Գաբրիէլեանի որոշումը ծափերով ողջունած են «Սասնայ ծռերու» աջակիցները։

Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Տիգրան Սարգսեանը, որ մեղադրուած էր երեք յօդուածներով՝ կազմակերպուած խումբի կողմէ պատանդ վերցնելու, զէնք յափշտակելու, ապօրինի կերպով զէնք զինամթերք պահելու եւ փոխադրելու համար, իր ազատ արձակումը պայմանաւորեց իշխանափոխութեամբ:

Տիգրան Սարգսեանէն ետք դատարանը քննեց Յովհաննէս Վարդանեանի խափանման միջոցի փոփոխման հարցը։ Երկուքի պարագային ալ անոնց պաշտպանները յայտարարած են՝ քանի որ քաղաքական իրադրութիւնը փոփոխուած է եւ քանի որ զինուած խումբի անդամները յայտարարած էին, որ դուրս եկած էին արդէն նախկին իշխանութեան դէմ, ապա նուազած է անոնց վերագրուող արարքի հասարակական վտանգաւորութեան բնոյթն ու աստիճանը, ուստի միայն այդ փաստարկը դնել կալանքի հարցին, հիմնաւոր չէ։

Միեւնոյն ժամանակ, պաշտպանները ըսած են՝ զինուած խումբի այս երկու անդամները առողջական խնդիրներ ունին։

Փաստաբան Անուշ Մխիթարեան․ – «Մինչեւ սոյն գործի աւարտը նա չի դրսեւորի այնպիսի վարքագիծ, որը հնարաւորութիւն կու տայ դատարանին զղջալու իր կողմից անձի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոցը փոխելու որոշում կայացնելու համար»:

Մեղադրող դատախազը չառարկեց մեղադրեալներու ազատ արձակման։

Ազատ արձակուած «Սասնայ ծռերու» անդամները սակաւախօս էին։ Յովհաննէս Վարդանեան ըսած է՝ քանի դեռ բոլոր ընկերները ազատ չեն արձակուած, որեւէ մեկնաբանութիւն պիտի չտայ:

Անոնց փաստաբան Գրիշա Բալասանեան «Ազատութեան» հետ զրոյցին պարզաբանած է՝ այս որոշումները կարելի է գնահատել որպէս ե’ւ քաղաքական, ե’ւ իրաւական․- «Իրօք իրավիճակ է փոխուել: Այսինքն այս մարդիկ բազմիցս նշել են, որ պայքարել են նախկին իշխանութիւնների ապօրինի գործողութիւնների դէմ: Մասնաւորապէս Արցախը յանձնելու դէմ են պայքարել եւ այլն: Արդէն չկան այդ իշխանութիւնները, հետեւաբար չկայ նաեւ այդ պայքարի գաղափարը նոյն ծաւալով, նոյն ուժով: Հենց փոփոխութիւնը դրանով է պայմանաւորուած»:

Բալասանեան յիշեցուցած է «Սասնայ ծռերու» վերջին յայտարարութիւնը, որու մէջ անոնք նշած են, որ փակած են զինուած պայքարի էջը ու կ’աջակցին ժողովուրդի վստահութիւնը վայելող Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան․ – «Եթէ նախկինում նշում էին, որ հաւանականութիւն կայ, որ կրկին գուցէ յանցագործութիւն կատարեն եւ այլն, այսօր արդէն այդ վտանգը չկայ, որովհետեւ չկան այն իշխանութիւնները, որոնց դէմ պայքարում էին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment