Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ԱԳ Նախարարները Գոհ են Առաջին Հանդիպումէն

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ԱԳ Նախարարները Գոհ են Առաջին Հանդիպումէն

by MassisPost

Ռուսիոյ արտգործնախարար Սերկէյ Լաւրովը գոհ է իր հայաստանցի գործընկեր Զոհրապ Մնացականեանի հետ առաջին բանակցութիւններէն: Համատեղ կարճատեւ ասուլիսին Լաւրովը յայտարարած է, որ այսուհետ եւս Ռուսիան պիտի շարունակէ զարգացնել Հայաստանի հետ ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւնները:

Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ այդ յարաբերութիւններու զարգացման կը նպաստէ նաեւ Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան ու Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան:

Զոհրապ Մնացականեանը նոյնպէս գոհունակութիւն յայտնած է առաջին հանդիպումէն:

Նախարարները խօսած են ղարաբաղեան խնդիրի մասին: Լաւրովը շեշտած է, որ պաշտօնական Մոսկուայի դիրքորոշումը ղարաբաղեան խնդիրի շուրջ անփոփոխ է եւ համահունչ է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի դիրքորոշման, որու համանախագահն է Ռուսիան:

Հայ լրագրողներէն մէկն ալ Ռուսիոյ արտգործնախարարին հարցուցած է բանակցային գործընթացին Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան անհրաժեշտութեան մասին: Լաւրովը այս հարցին կարճ պատասխան տուած է.- «Որոշ փուլերուն, ի դէպ, Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները կը մասնակցէին այդ գործընթացին, յետոյ հայ եւ ատրպէյճանական կողմերու պայմանաւորուածութեան համաձայն բանակցութիւններու ձեւաչափը փոխուած էր: Եթէ կողմերը՝ Երեւանն ու Պաքուն, որոշեն, որ Ղարաբաղը կը վերադառնայ որպէս բանակցային կողմ, Ռուսիան կը սատարէ այդ որոշման, ինչպէս եւ Մինսկի խումբի միւս համանախագահները»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment