Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Դատախազութիւնը Արդարացուցած է «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Օգտագործումը

Պոլսոյ Դատախազութիւնը Արդարացուցած է «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Օգտագործումը

by MassisPost

«Էրմենիհապեր»-ը յայտնած է, թէ Պոլսոյ դատախազութիւնը որոշում կայացուցած է, որ «Հայոց ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը խօսքի եւ միտքի ազատութեան սահմաններու մէջ է:

Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջոցառման ժամանակ ձերբակալուած Լեման Եուրտսէւէրի, Ժիյան Թոսունի եւ Կամզէ Օզտէմիրի նկատմամբ կիրառուած էին ֆիզիքական եւ հոգեկան բռնութիւններ: Անոնք «Մարդու իրաւունքներու միութեան» կողմէ կազմակերպուած միջոցառման ժամանակ ցուցանակներ եւ ցեղասպանութեան զոհերու նկարներ պահած էին իրենց ձեռքին:

Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութիւնը անոնց նկատմամբ հետաքննութիւն սկսած էր «ժողովուրդի մէջ ատելութիւն եւ թշնամութիւն հրահրելու» մեղադրանքով:

Հետաքննութեան արդիւնքները հրապարակելու ժամանակ դատախազը յայտնած է, որ կասկածեալներու նկատմամբ քրէական հետապնդման համար հիմքեր չկան: Ան նաեւ յղում ըրած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումներուն՝ նշելով, որ «Հայոց ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը միտքի եւ խօսքի ազատութեան սահմաններու մէջ է:

Դատախազութեան այդ որոշումէն յետոյ Մարդու իրաւունքներու միութիւնը յայտարարութիւն տարածած է՝  նշելով, որ այդ որոշումը կարեւոր է դիտարկել քաղաքական կամքի դրսեւորման տեսանկիւնէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment