Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ն Հայաստանի Նոր Կառավարութեան Հետ Օժանդակութեան Ծրագրեր Քննարկած է

ԱՄՆ-ն Հայաստանի Նոր Կառավարութեան Հետ Օժանդակութեան Ծրագրեր Քննարկած է

by MassisPost

Լրագրողներու հետ զրոյցին Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ռիչարտ Միլզը ըսած է, թէ Միացեալ Նահանգները Հայաստանի նոր կառավարութեան հետ քննարկած է «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» փտածութեան ծրագրերու վերսկսման հնարաւորութիւնը:

Ըստ Դեսպանի, պաշտօնական Ուաշինկթընի կողմէ Հայաստանին աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցը ընդգրկուած է ԱՄՆ պետքարտուղարի՝ եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով փոխտեղակալ Պրիճիթ Պրինկի երեւանեան բանակցութիւններու օրակարգի մէջ:

«Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագիրով  2006 թուականին Հայաստանին յատկացուած էր մօտ 235 միլիոն տոլար՝ ոռոգման համակարգերու և գիւղական ճանապարհներու շինարարութեան համար։ 2008 թ․ մարտիմեկյան արիւնալի իրադարձութիւններէն յետոյ կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ պիտի վերանայի իր գործունութիւնը Հայաստանի մէջ, իսկ 2009-ին դադարեցուց մօտ 60 միլիոն տոլար արժողութեամբ ճանապարհաշինութեան ծրագրի ֆինանսաւորումը՝ այդ որոշումը պայմանաւորելով շարք մը քաղաքական ցուցանիշներու գծով Հայաստանի կատարողականի վատթարացմամբ: Շարունակուեցաւ եւ աւարտին հասցուեցաւ միայն ոռոգման համակարգերու կառուցման ծրագիրը։

ԱՄՆ դեսպան Միլզը անդրադարձած է նաեւ հարցին, թէ ինչու ԱՄՆ նախագահ  Թրամբը չշնորհաւորեց Հայաստանի իշխանութիւնները՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման հարիւրերորդ տարեդարձի կապակցութեամբ, չնայած շնորհաւորած էր Ատրպէյճանի նախագահը՝ Ատրպէյճանական Հանրապետութեան հռչակման հարիւրամեակի առթիւ:

«Տեղեակ էք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս Սեպտեմբերին պիտի նշէ անկախութեան տօնը: Կը սպասեմ, որ ԱՄՆ-ն Հայաստանի իշխանութիւնները պաշտօնապէս կը շնորհաւորէ այդ ժամանակ: Կը կարծեմ՝ շատ կարեւոր է, որ նախագահ Թրամբը շնորհաւորեց Հայաստանի նոր կառավարութիւնը, ժողովուրդը՝ խաղաղ ցոյցերու համար, որոնք նոր էջ բացին Հայաստանի պատմութեան մէջ»,- ըսած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment