Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլան Պիտի Մասնակցի Թուրքիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն

Կարօ Փայլան Պիտի Մասնակցի Թուրքիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն

by MassisPost

Թուրքիոյ մէջ, 24 Յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը կրկին պիտի առաջադրուի՝ քրտամէտ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան կողմէ:

Ի տարբերութիւն, սակայն, 2015 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններու, ուր Փայլանը առաջադրուած էր Պոլսոյ մէջ, այս անգամ անոր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրուի Տիարպէքիրի մէջ:

Նախորդ՝ 2015 թուականի Նոյեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու որպէս արդիւնք թրքական խորհրդարանը ունէր 3 հայ պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլանը, քեմալական Հանրապետական Ժողովրդական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած իրաւաբան Սելինա Տողանը եւ իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած հայ լրագրող Մարգար Եսայեանը:

Հանրապետական Ժողովրդական կուսակցութիւնը հրապարակած էր իր թեկնածուներու ցուցակը, ուր Սէլինա Տողանի անունը չկար:

Ինչ կը վերաբերի Մարգար Եսայեանի հնարաւոր առաջադրման, ապա այդ պարզ կ’ըլլայ իշխող կուսակցութեան կողմէ ցուցակներու հրապարակումէն յետոյ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment