Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կառավարութիւնը Մտադիր է Վերացնել ՀՀ-ի Մէջ Սփիւռքի Ներգրաւուածութիւնը Խոչընդոտող Սահմանադրական Արգելքները

Կառավարութիւնը Մտադիր է Վերացնել ՀՀ-ի Մէջ Սփիւռքի Ներգրաւուածութիւնը Խոչընդոտող Սահմանադրական Արգելքները

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է, թէ մտադիր են վերացնել Սահմանադրութեամբ նախատեսուած այն արգելքները, որոնք արհեստականօրէն կը խոչընդոտեն սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի պետական  հիմնարկութիւններու  կայացման գործին մէջ։

«Մենք մտադիր ենք այս արգելքները վերացնել, որպէսզի սփիւռքի ներուժը հնարաւորութիւն ունենանք օգտագործել պետական կառավարման եւ պետական ապարատների կայացման գործում», – յայտարարած է Փաշինեանը Լոս Անճըլըսի մէջ ընթացող Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայկական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի «Հայաստանը վաղը․ քաղաքացիական դիւանագիտութիւնը՝ գործողութեան մէջ» քննարկման ժամանակ՝ պատասխանելով հարցին, թէ ինչպէս պիտի շարունակեն քաղաքացիները ներգրաւած պահել քաղաքական գործընթացներուն ընտրութենէն ընտրութիւն ինկած ժամանակահատուածի մէջ։

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի քաղաքացիներու ներգրաւուածութեան, Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ երկրի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններէն յետոյ նման խնդիր այլեւս չունին։

Վարչապետը, որ քննարկման մասնակցած է տեսակամուրջի միջոցով, յոյս  յայտնած է, որ առաջիկային կը հանդիպին սփիւռքի այլ ներկայացուցիչներու հետ, որպէսզի առաւել մանրամասն քննարկեն ընելիքները․ – «Որովհետեւ իսկապէս սա համազգային զարթօնքի պահ է եւ այդ պահը պէտք է մեզ բոլորիս բերի յաղթանակ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment