Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլը Պէտք է Ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Bloomberg-ի Անդրադարձը

Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլը Պէտք է Ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Bloomberg-ի Անդրադարձը

by MassisPost

«Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլը պէտք է ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը». հեղինակաւոր Bloomberg պարբերականի մէջ իր յօդուածը այսպէս վերնագրած է խմբագիր եւ սիւնակագիր Թերեզա Ռաֆայէլը:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, հեղինակը յօդուածին մէջ յիշեցուցած է օրերս տեղի ունեցած դէպքերը: Մասնաւորապէս այն, թէ ինչպէս Կազզայի հատուածի մէջ Իսրայէլի ուժայիններու գործողութիւններու հետեւանքով  քանի մը տասնեակ պաղեստինցիի մահէն ետք պաշտօնական Անգարան կրկին հրաւիրած է ԱՄՆ-ի ու Իսրայէլի մէջ իր դեսպանները, իսկ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայէպ Էրտողանը Իսրայէլի գործողութիւնները անուանած է «ցեղասպանութիւն»: Ի պատասխան Էրտողանի յայտարարութեան՝ Իսրայէլի վարչապետ Բենեամին Նեթանյահուն թուիթըրեան իր էջին վրայ գրառում ըրած է՝ կոչ ընելով՝ «բարոյականութեան դասեր չտալ»:

«Էրտողանի յարձակումը բացաւ հնարաւորութեան պատուհան ինչպէս Ուաշինկթընի, այնպէս ալ Երուսաղէմի համար՝ կոտրելու տասնամեակներ շարունակուող հերքումն ու միանալ պատմաբաններուն ու շատ կառավարութիւններու քրիստոնեայ հայերու դէմ գործուած իրական ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցին մէջ, որ Թուրքիան կը շարունակէ մերժել»,- նշած է հեղինակը՝ փաստելով, որ պաշտօնական Անգարան ցեղասպանութիւնը հերքելը դարձրած է այն գինը, որ Իսրայէլն ու այլ պետութիւնները պէտք է վճարեն Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալու համար:

Թերեզա Ռաֆայէլը յօդուածին մէջ յիշեցուցած է Էրտողանի յարձակողական պահուածքը Ֆրանսայի, ապա նաեւ Գերմանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առընչութեամբ: Հեղինակը փաստած է, որ չնայած նման հռետորաբանութեան, գրեթէ 30 երկիր ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, բացի Իսրայէլէն ու ԱՄՆ-էն:

Ան գրած է, որ Էրտողանի պոռթկումն ու Իսրայէլի դեսպանի նկատմամբ Անգարայի օդակայանի մէջ ցուցաբերուած վատ վերաբերմունքը նոր կրքեր բորբոքեցին Երուսաղէմի մէջ. Քնեսետի երկու պատգամաւոր ներկայացուցած են օրինագիծ, որ վերջ կը դնէ Հայկական հարցի վերաբերեալ Իսրայէլի լռութեան: «Այդ լռութիւնը   խուսանաւում է: Ժամանակին, երբ Թուրքիան աշխարհիկ, արեւմտամէտ երկիր էր, Իսրայէլը կը հենէր անոր վրայ՝ որպէս ռազմավարական գործընկեր թշնամական արաբական երկրներու հարեւանութեամբ: Սակայն այդ հիմնաւորումը այլեւս չի գործեր: Իսրայէլը այժմ կրնայ իր մասին հոգ տանիլ: Իսկ Էրտողանը, որ կը ձգտի վերածուիլ խալիֆի, այժմ թշնամի է: Իսրայէլին զանգուածային սպանութեան մէջ մեղադրելէ կարճ ժամանակ անց ան զանգ ստացաւ իր նոր լաւագոյն ընկերէն՝ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիէն, որ կը գովէր զինք յանուն իսլամական համերաշխութեան «մեծ եւ փոքր սատանաներու» դէմ կանգնելու համար. անոնք էին՝ ԱՄՆ-ը եւ Իսրայէլը»,- գրած է հեղինակը:

Թերեզա Ռաֆայէլը նշած է, որ Իսրայէլի կառավարութեան առնուազն 5 նախարար կողմ արտայայտուած են Թուրքիան պատժող գործողութիւններու դիմելու եւ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու օգտին: Նմանօրինակ կարծիք  յայտնած են նաեւ Քնեսետի խօսնակը եւ հիմնական ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարները: «Դժուար է յիշել նման միջկուսակցական խանդավառութիւն»,- արձանագրած է հեղինակը՝ նշելով, սակայն, որ ոչինչ  կը փոխուի առանց վարչապետ Նեթանյահուի հաւանութեան, որ նաեւ կը զբաղեցնէ ԱԳ նախարարի պաշտօնն ու կը սահմանէ երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը:

Հեղինակի համոզմամբ՝ Նեթանյահուն ռազմավարական մտածող է եւ քանի որ Թուրքիան ալ տարածաշրջանային հարցերու մէջ առանցքային նշանակութիւն ունեցող դերակատար է, ապա իսրայէլցի գործիչը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը միայն եթէ մտածէ, որ այդ կը ծառայէ իր նպատակներուն: «Գուցէ այդ սխալ պատճառ է, սակայն այս անգամ թէ Իսրայէլի, թէ ԱՄՆ համար ազգային շահերը հրաշալի կերպով հաւասարած են բարոյական պարտականութեան. մոլեռանդներու դէմ պատերազմին ճշմարտութիւնը հզօր զէնք է»,- եզրափակած է յօդուածը Թերեզա Ռաֆայէլը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment