Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեանը եւ ԱՄՆ Դեսպան Միլս Քննարկած են Հայ-Ամերիկեան Յարաբերութիւններուն Առընչուող Շարք մը Հարցեր

Վարչապետ Փաշինեանը եւ ԱՄՆ Դեսպան Միլս Քննարկած են Հայ-Ամերիկեան Յարաբերութիւններուն Առընչուող Շարք մը Հարցեր

by MassisPost

ՀՀ կառավարութենէն տեղեկացուցած են, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ընդունած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիշարտ Միլսը:

Վարչապետը կարեւորած է հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը եւ ողջունած պաշտօնական Ուաշինկթընի յանձնառութիւնն ու պատրաստակամութիւնը՝ տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմ համագործակցութեան նոր թափ հաղորդելու ուղղութեամբ:

«ՀՀ կառավարութիւնը շահագրգռուած է եւ մեծ նշանակութիւն է տալիս ժողովրդավարութեան զարգացման, կոռուպցիայի դէմ պայքարի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ նախատեսուող բարեփոխումների գործընթացի մէջ ամերիկեան կողմի հետ փոխգործակցութիւնն ու հնարաւոր օժանդակութիւնը: Մենք լի ենք էներգիայով (ուժ)՝ հասնելու մեր նպատակներին եւ կոնկրետ (ճշգրիտ) արդիւնքների` հաշուի առնելով նաեւ այն դրական մթնոլորտը, որն այսօր առկայ է երկրում»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ ընդգծելով, որ կառավարութիւնը վճռական է առաջ մղելու աշխատանքները վերոնշեալ ուղղութիւններով:

Ռիշարտ Միլսը, շնորհաւորելով վարչապետ Փաշինեանը պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ, փոխանցած է ԱՄՆ կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ օժանդակելու Հայաստանին նախանշուած նպատակներու իրականացման գործին մէջ:

«Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը յանձնառու է աջակցիլ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու, թափանցիկութեան եւ հաշուետուողականութեան հռչակուած նպատակներու հարցին մէջ, որոնք կը բարելաւեն Հայաստանի գործարար միջավայրն ու երկիրն առաւել գրաւիչ կը դարձնեն ամերիկեան ներդրողներու համար: Մենք երկխօսութեան եւ համագործակցութեան շարք մը հնարաւորութիւններ կը տեսնենք, ինչպէս՝ հայ-ամերիկեան միջկառավարական աշխատանքներու ձեւաչափում»,- ըսած է դեսպան Միլսը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ երկու երկիրներու միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աւելցման, տարածաշրջանային ընթացիկ հարցերուն, Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու անցկացման, Ընտրական օրէնսգրքի բարեփոխումներուն վերաբերող եւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը այլ թեմաներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment