Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵԽԽՎ-ն Պատժած է 4 Պատգամաւոր եւ Ատրպէյճանի Պատուիրակութեան Ղեկավարը

ԵԽԽՎ-ն Պատժած է 4 Պատգամաւոր եւ Ատրպէյճանի Պատուիրակութեան Ղեկավարը

by MassisPost

ԵԽԽՎ -ի մամուլի ծառայութեան կողմէն տարածուած յայտարարութեան մէջ յայտնած է, թէ Եւրախորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի իրաւական հարցերով յանձնաժողովը պատժամիջոցներ սահմանած է չորս պատգամաւորներու՝ ԵԽԽՎ ատրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավար Սամէդ Սեիդովի, վեհաժողովի նախկին նախագահ, սպանացի պատգամաւոր Փետրօ Ագրամունտի, Ուքրանիոյ հարցով նախկին զեկուցող՝ սպանացի պատգամաւոր Ժորտի Շուկլայի եւ ռումանացի պատգամաւոր Սեզար Պրետայի դէմ:

Նշուած է, որ պատգամաւորներ Ագրամունտը, Շուկլան, Պրետան եւ Սեիդովը լրջօրէն խախտած են վարքագծի կանոնակարգը եւ ժամանակաւորապէս զրկուած են պատգամաւորի հիմնական իրաւունքներէն. անոնց արգիլուած է դիտորդական առաքելութիւն իրականացնել եւ զեկուցողի պաշտօն զբաղեցնել:

ԵԽԽՎ նախագահի պաշտօնէն անցեալ տարի հեռացուած Փետրօ Ագրամունտին 10, իսկ միւս երեք պատգամաւորները՝ 2 տարի ժամկէտով արգելուած է դիտորդական խումբերու մէջ հետեւիլ ընտրութիւններու ընթացքին, որեւէ յանձնաժողովի, ենթայանձնաժողովի նախագահի կամ նախագահի տեղակալի, ինչպէս նաեւ ԵԽԽՎ նախագահի պաշտօն զբաղեցնել: Բացի այդ, անոնք զրկուած են նաեւ Վեհաժողովը, կամ յանձնաժողովները ներկայացնելու իրաւունքէն:

ԵԽԽՎ-ի հերթական զեկոյցներէն մէկը, որ, ի դէպ, հրապարակուած էր ընդամէնը երեք շաբաթ առաջ, կը փաստէր, որ Ալիեւի վարչակազմը տարիներ շարունակ ԵԽԽՎ-ի մէջ  լոպիիզմի աշխատանքներ իրականացուցած է, կանխիկ գումարով կաշառած խումբ մը պատգամաւորներու, ինչպէս նաեւ՝ Փետրօ Ագրամունտին՝ ԵԽԽՎ-ի մէջ Ատրպէյճանի նկատմամբ քննադատութիւնը մեղմելու կամ օգուտ Ատրպէճանի գործունէութիւնը խթանելու համար:

Պաշտօնական Պաքուն այս մեղադրանքներուն յստակ չէ պատասխանած: Փոխարէնը յայտարարած է, թէ հայամէտ ուժերն Ատրպէյճանի դէմ հերթական արշաւ կ’իրականացնեն: ԵԽԽՎ-ի մէջ ատրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավար Սամէդ Սեիդովը, որու անունը զեկոյցի մէջ յիշատակուած է կաշառք բաժնողներու շարքին, մեկնաբանելով ԵԽԽՎ-ի կողմէն իր դէմ սահմանուած պատժամիջոցները՝ յայտարարած է, թէ կառոյցին մէջ Ատրպէյճանի գործունէութիւնը, այդուհանդերձ, որեւէ կերպ չի սահմանափակուիր, ինչպէս նաեւ՝ ղարաբաղեան խնդիրը միջազգային հանրութեան ներկայացնելու հարցին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment