Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան. «Փութինի Հետ Հանդիպումը Շատ Արդիւնաւէտ Էր»

Վարչապետ Փաշինեան. «Փութինի Հետ Հանդիպումը Շատ Արդիւնաւէտ Էր»

by MassisPost

«Ազատութիւն»  ռատիոկայանի հետ զրոյցի ընթացքին  Վարչապետ Փաշինեանը յայտնած է, թէ Ռուսիոյ նախագահ Փութինի հետ Սոչիի մէջ կայացած հանդիպումը «շատ արդիւնաւէտ» եղած է:

Միեւնոյն ժամանակ, Փաշինեան ընդգծած է, որ Սոչիի բոլոր հանդիպումներու ժամանակ քննարկուած են Հայաստանը «յուզող բոլոր հարցերը»` ներառեալ Ատրպէյճանին սպառազինութեան մատակարարման հարցը. – «Ամենալայն շրջանակ է քննարկուել հարցերի եւ շատ արդիւնաւէտ հանդիպում էր»:

Հարցին, թէ արդեօք Պելառուսի նախագահ Լուքաշենքոյի հետ հանդիպման արծարծուած են զէնքի եւ  Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու հետ կապուած հարցը, վարչապետը պատասխանած է. – «Այո, բոլոր հնարաւոր հարցերը մեզ յուզող բարձրացուել են բոլոր հանդիպումներում»:

Սոչիի մէջ,    Եւրասիական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընդառաջ, Փութինի եւ    Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցաւ  հանդիպում:  Ապա,   լրագրողներու առջեւ հանդէս գալով Ռուսիոյ առաջնորդը շնորհաւորեց Փաշինեանը եւ ըսաւ. «Թոյլ տուէք նաեւ, որ անձամբ շնորհաւորեմ Ձեզ Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնին ընտրուելու կապացկութեամբ: Մեր դիրքորոշումը, կը  կարծեմ, բոլորին յայտնի է, մենք Հայաստանը կը համարենք Ռուսիոյ մերձաւոր դաշնակիցն ու գործընկերը տարածաշրջանին մէջ: Սա կը վերաբերի թէ’ տնտեսական զարգմացման, թէ’ անվտանգութեան խնդիրներուն: Դուք գիտէք, որ Ռուսիան կը շարունակէ մնալ Հայաստանի կարեւոր առեւտրատնտեսական գործընկերը: Վերջին շրջանին կը նկատուի նաեւ ապրանքաշրջանառութեան աճ, սա շատ լաւ միտում է, եւ յոյսով եմ, որ կը  յաջողինք ոչ միայն պահպանել սա, այլեւ կրկնապատկել»:

Փութինը կարեւոր նկատեց   միջազգային կառոյցներու  մէջ Երեւանի եւ Մոսկուայի համագործակցութիւնը. «Ձեզ յաջողութիւններ կը մաղթենք կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնին եւ յոյս ունիմ, որ մեր յարաբերութիւնները կը շարունակեն զարգանալ նոյն կերպ, ինչպէս եղած է մինչեւ օրս: Մենք նոյն աշխուժութեամբ կ’աշխատինք միջազգային ասպարէզի, միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ, սկսած Միաւորուած ազգերու կազմակերպութենէն, ուր Հայաստանը եւ Ռուսիան մշտապէս աջակցած են իրար, աւարտած մեր տարածաշրջանային կազմակերպութիւններով ե’ւ անվտանգութեան, ե’ւ տնտեսական զարգացման ոլորտներու մէջ»:

Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնաց  Փութինին եւ վստահեցուց, թէ հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւնները իր իշխանութեան օրօք կ’ամրապնդուին.- «Շատ հաճելի է, որ վարչապետ նշանակուելուց տառացիօրէն մի քանի օր անց հնարաւորութիւն ունեմ հանդիպել Ձեզ հետ, քանի որ, կարծում եմ, քննարկելու հարցեր կան: Բայց ինչ-որ բան էլ կայ, որ քննարկման կարիք չունիգ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ռազմավարական, դաշնակցային յարաբերութիւններն են: Կարող եմ հաւաստիացնել, որ այս հարցում Հայաստանում կայ կոնսենսուս (համաձայնութիւն): Որեւէ մէկը երբեք կասկածի տակ չի դրել եւ, կարծում եմ, չի էլ դնի հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ռազմավարական կարեւորութիւնը»:

Հայաստանի վարչապետը Սոչիի մէջ հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի նախագահ, Հայաստանի նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի, Պելառուսի նախագահ Ալեքսանդր Լուկաշենկոյի, Ղրղըզստանի նախագահ Սորոնբայ Ժենբեկովի, ԵԱՏՄ-ում դիտորդ-պետութեան կարգավիճակ Մոլտովայի նախագահ Իգոր Տոտոնի հետ:

Հայաստանի վարչապետը ելոյթ ունեցած է Եւրասիական խորհուրդի նիստին` ըսելով. – «Հայաստանում խաղաղ իշխանափոխութիւն է տեղի ունեցել, ինչի մասին, կարծում ենք, լաւ իրազեկուած էք: Մենք արդէն Կառավարութիւն ենք ձեւաւորել, որի ծրագիրը կոնեցպտուալ (մտապատկեր) առումով չի նախատեսելու արտաքին քաղաքականութեան ռեւերսներ (հակակողմ): Հաստատում եմ Հայաստանի միջազգային պարտաւորութիւնների կատարումը այդ թւում Եւրասիական տնտեսական միութիւնում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment