Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրամփ Շնորհաւորած է Փաշինեանին

Թրամփ Շնորհաւորած է Փաշինեանին

by MassisPost

ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանին‘ Հայաստանի վարչապետ ընտրուելուն առթիւ:

Միացեալ Նահանգներու  Հայաստանի դեսպանատան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, Սպիտակ Տան ղեկավարը Փաշինեանին յղած շնորհաւորական նամակին մէջ ըսած է. – «Անհամբերութեամբ կը  սպասեմ մեր համագործակցութեանª փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ, անոնց շարքին‘ առեւտուրի, ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ տարածաշրջանային ապահովութեան ամրապնդման ոլորտներէն ներս:

«Յառաջընթացը կոռուպցիայի դէմ պայքարի, քաղաքական բոլոր ուժերու համախմբումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը կը նպաստեն այդ ջանքերուն եւ կ’երաշխաւորեն Հայաստանի պայծառ ապագան: Լաւագոյն մաղթանքներս Ձեզ եւ հայ ժողովուրդին», – ըսած է Ամերիկայի նախագահը Հայաստանի նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին յղուած նամակին մէջ:

trump letter

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment