Քաղաքական իրադրութեան փոփոխութենէն յետոյ երկրի ամենահրատապ հարցը քաղբանտարկեալներու ազատ արձակումն է։ Լրագրողներու հետ հանդիպման նշած են իրաւապաշտպաններ Աւետիք Իշխանեանը եւ Արթուր Սաքունցը։
«Անտրիաս Ղուկասեանը արդէն ազատ արձակուեցաւ, անկէ բացի քաղբանտարկեալներ են Շանթ Յարութիւնեանը իր ընկերներու հետ, որոնց պատիժը անհամաչափ է եւ լաւագոյն պարագային վարչական կրնար ըլլալ, Հայկ Կիւրեղեանը, որու պատիժը չափազանցուած էր, Արարատ Խանդոյեանը, Գարեգին Չուքասզեանը, Կարօ Եղնուկեանը, Սամուէլ Պապայեանը եւ Ժիրայր Սեֆիլեանը»,- նշած է Աւետիք Իշխանեանը։
Ան շեշտած է, որ յատկապէս Ժիրայր Սեֆիլեանի, Գէորգ Սաֆարեանի եւ Սամուէլ Պապայեանի գործերը ընդհանրապէս հնարուած են։ Այս խումբը, բացի ազատ արձակուելէ, պէտք է նաեւ արդարացուի:
Ինչ կը վերաբերի «Սասնայ Ծռերուն», Աւետիք Իշխանեանը ըսած է, որ այստեղ պէտք է իրադրութեան փոփոխութիւն յօդուածը կիրառել եւ մաս մը ազատ արձակել, կամ պայմանական ազատել, բացի ոստիկանութեան հետ կապուած սպանութիւններու հարցերէն, ուր պէտք է արդար դատավարութիւն:
Արթուր Սաքունցը նշած է, որ Անտրիաս Ղուկասեանը լաւ նախադէպ էր, երբ դատարանը, զրկուած ըլլալով քաղաքական թելադրանքի գործիքէն, կատարեց որոշում։
Ան ըսած է, որ որոշ անձերու խափանման միջոցը պէտք է փոխել, բայց այս ողջ գործընթացը պէտք է կատարուի իրաւական մօտեցմամբ: Ոչ իրաւական մօտեցմամբ ազատութիւն տալը ոչինչով կը տարբերի ոչ իրաւական մօտեցմամբ ազատութենէն զրկելէ:
Թէեւ Նիկոլ Փաշինեանը խոստացած է, որ հաշուեյարդար պիտի չըլլայ, բայց իրաւապաշտպանները շիտակ կը գտնեն, որ շատերը հեռացուին համակարգէն, հրահանգ տուողները պէտք է պատիժ կրեն։