Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալած է պարսկահայ 18-ամեայ Իլէն Ռոստամին, որ 16 ապրիլին Բաղրամեան պողոտայի վրայ ոստիկաններու կողմէ կիրառած յատուկ միջոցի հետեւանքով դէմքի լուրջ վնասուածք ստացած էր։
Ռոստամին վիրահատման համար Պարսկաստան մեկնած էր, իսկ վերադառնալէ ետք շարունակած էր մասնակցիլ Փաշինեանի առաջնորդած ցոյցերուն ու քաղաքացիական անհնազանդութեան գործողութիւններուն:
«Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին Իլէն ըսած էր, որ համաժողովրդական շարժման յաղթանակէն ետք մէկ ցանկութիւն ունի՝ տեսնել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ու անոր հետ նկարուիլ. «Էսի ուղղակի անակնկալ էր, ընդհանրապէս չէի սպասում: Էն էլ էս օրերին, որ նոր է ամէն ինչ, ընդհանրապէս չէի պատկերացնում։ Անակնկալ էր։ Շատ զարմացայ, որովհետեւ գիտեմ իրա 2-3-րդ օրն է: Չէի մտածում, որ էդքան գործերի մէջ կը թողնի, որ հանդիպեմ իր հետ»։
18-ամեայ աղջիկը եւս մէկ անգամ պէտք է վիրահատման ենթարկուի: Աւելի վաղ «Ազատութեան» ըսած էր՝ յաղթանակէն ետք չի մտածեր ալ, թէ դէմքը այլեւս նախկինը չէ եւ սպին պիտի յիշեցնէ 16 ապրիլի դէպքերը։ Ըսած է՝ Հայաստանը դէպի լաւ փոխելու համար միշտ պայքարելու պատրաստ է։