Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ալիեւ․ «Ատրպէյճանի Տարածքային Ամբողջականութիւնը Բանակցութիւններու Առարկայ Չէ»

Ալիեւ․ «Ատրպէյճանի Տարածքային Ամբողջականութիւնը Բանակցութիւններու Առարկայ Չէ»

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահը անդրադարձած է լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին եւ ըստ էութեան կրկնած մինչ այժմ իր կողմէն բազմիցս կատարուած յայտարարութիւնները. «ատրպէյճանական դրօշը օր մը պիտի բարձրանայ Շուշիի ու Խանքենդիի (Ստեփանակերտ) վրայ»:

«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ կապուած մեր սկզբունքային դիրքորոշումը կը մնայ նոյնը», – յայտարարած է Ալիեւը: Ըստ վերջինիս՝ անցած 15 տարիներու ընթացքին միջազգային շատ կառոյցներու յայտարարութիւնները, բանաձեւերը կ’արտայայտեն Ատրպէյճանի դիրքորոշումը: «Հայ – ատրպէյճանական Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի միայն միջազգային իրաւունքի  սկզբունքներու հիման վրայ: Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է ամբողջովին վերականգնուի, պէտք է իրականացուին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 4 բանաձեւերը: Այդ բանաձեւերու մէջ բացայայտ նշուած է, որ գործող ուժերը անվերապահօրէն պէտք է դուրս գան գրաւուած  տարածքներէն: Հակամարտութեան կարգաւորման այլ ճանապարհներ գոյութիւն չունին: Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը բանակցութիւններու առարկայ չէ, երբեք չէ եղած եւ պիտի չըլլայ», – հօր՝ Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հեյտար Ալիեւի ծննդեան 95-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր նիստի ընթացքին յայտարարած է Իլհամ Ալիեւը:

«Ատրպէյճանի ժողովուրդն ու պետութիւնը երբեք թոյլ չեն տար հայկական երկրորդ պետութեան ստեղծումը «ատրպէյճանական հողերու վրայ»,- ըսած է Ալիեւը:

«Եթէ մէկը այլ կերպ կը մտածէ, ապա, կը կարծեմ, որ ան կ’ապրի սին պատրանքներով», – ըսած է Ատրպէյճանի ղեկավարը, որ անցնող ամիս չորրորդ անգամ ընտրուեցաւ երկրի նախագահ:

Ալիեւը յայտարարած է, որ ապագային եւս կ’ամրապնդեն իրենց սկզբունքային դիրքորոշումը, աւելցնելով, թէ անոր համար Ատրպէյճանը բաւարար հնարաւորութիւններ ունի ինչպէս միջազգային ասպարէզի, այնպէս ալ տարածաշրջանի մէջ:

Ըստ Ալիեւի Ատրպէյճանի զինուած ուժերը օրեցօր կ’ուժեղանան: Ան ըսած է, թէ հզօր բանակ ստեղծած են եւ երկու տարի առաջ ատրպէյճանական բանակը տարածքներ ազատագրած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment