Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ելք» խմբակցութիւնը Խորհրդարանին Մէջ Պիտի Ըլլայ Նիկոլ Փաշինեանի Կառավարութեան Թիկունքը. Էտմոն Մարուքեան

«Ելք» խմբակցութիւնը Խորհրդարանին Մէջ Պիտի Ըլլայ Նիկոլ Փաշինեանի Կառավարութեան Թիկունքը. Էտմոն Մարուքեան

by MassisPost

«Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանը յայտնած է, որ դաշինքի անդամները մեղաւոր չեն զգար՝ ժամանակին Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած հակաիշխանական շարժման չմիանալու համար, քանի որ իւրաքանչիւրը իր գաղափարներով առաջնորդուած է:

Մարուքեան ըսած է. «Ոչ մենք ենք խեղճ, ոչ մեր գործընկերներն են խեղճ, մի ասէք այդպէս: Այն, ինչ արել ենք, արել ենք համաձայնեցուած: Փաշինեանն իմացել է, թէ որ պահին ենք մենք լինելու իր կողքին: Ես գիտէի, թէ ինչ է անելու Փաշինեանը, բայց չգիտէի՝  ինչ է անելու իշխանութիւնը»:

Հարցին, թէ Նիկոլ Փաշինեան եթէ վարչապետ ընտրուի «Ելք»-ը ընդդիմադիր դաշինք կը մնայ, թէ՞ կը դառնայ իշխանական, պատգամաւորը պատասխանած է. «Մենք լինելու ենք Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան թիկունքը խորհրդարանում, հետեւաբար՝ մեր գործունէութիւնը չի լինելու այնպիսի, ինչպիսին կար: Հիմա պէտք է աշխատենք այն ծրագրերի, ռեֆորմների ուղղութեամբ, ինչ ներկայացնի կառավարութիւնը»:

Ան նշած է նաեւ, որ ՀՀԿ-ն կը հաստատէ Փաշինեանի կառավարութեան ներկայացուցած ծրագիրը, այլապէս անիմաստ կը դառնայ Փաշինեանի վարչապետ ընտրուիլը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment