Մայիս 1-ին, հանրապետականները տապալեցին վարչապետի ընտրութիւնը, ընդունելով հանդերձ, որ ժողովրդային շարժումը յաղթանակած է:
Հայաստանի Սահմանադրութեան երկրորդ կէտի համաձայն, իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին եւ այդ ժողովուրդը միահամուռ ոտքի կանգնած է տէրը դառնալու համար իր իշխանութեան:
Այն ինչ որուն ականատես կը դառնանք այս օրերուն, իսկական քաղաքացիական պոռթկում է, խաղաղ յեղափոխութեան իր դրսեւորումներով` Հանրապետական կուսակցութեան 20-ամեայ իշխանութեան դէմ: Սակայն, փտախտով տառապող այդ կուսակցութիւնը, կը փորձէ ժողովուրդէն խլել այն ինչ որ կը պատկանի անոր:
Ազգային Ժողովը 45 կողմ եւ 55 դէմ ձայներով մերժեց հաստատել միակ թեկնածուի` յեղափոխութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետութիւնը, այդպիսով պատնէշ դառնալով ժողովրդային շարժումը իր լրումին հասցնելու ճամբուն վրայ եւ երկիրը դնելով սահմանադրական ճգնաժամի մը հեռանկարին առջեւ:
Այն 45 պատգամաւորները, որոնք քուէարկեցին Փաշինեանի վարչապետութեան օգտին, իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէր տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ: Իսկ, անոնք, որոնք դէմ քուէարկեցին, կը ներկայացնէին միմիայն իրենց անմիջական նեղ շրջանակը:
Խորհրդարանէն ներս հանրապետականները հարցեր կու տային բացառապէս արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ, հակառակ որ ժողովուրդի դժգոհութիւնը կը կեդրոնանայ ներքին հարցերու վրայ: Ժողովուրդը ինք հարց կ’ուղղէ հանրապետականներուն. Ինչպէ՞ս պիտի վերականգնէք ապրիլեան պատերազմի հողային եւ մարդկային կորուստները: Ինչպէ՞ս պիտի վերադարձնէք վերջին տասը տարիներուն Հայաստանէն հեռացած 400 հազար քաղաքացիները, Ինչպէ՞ս պիտի փակէք 6 միլիառ տոլարի հասնող պետական արտաքին պարտքը եւ բազմաթիւ այլ հարցեր, որոնց պատասխանները չունին, իրենց աթոռներուն կառչած փոքրաթիւ այդ մարդիկ:
Պահուտելով խորհրդարանական իրենց մեծամասնութեան ետին, հանրապետականները կ’անտեսեն ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութեան կարծիքը: Ժամանակն է որ անոնք զգաստանան ու օր առաջ իշխանութիւնը յանձնեն իր իսկական տիրոջ` Հայաստանի Հանրապետութեան հերոս ժողովուրդին:
«ՄԱՍԻՍ»